image

Միացեալ Նահանգներ անլուրջ է Տահէշի դէմ պայքարին մէջ. Նախագահ Պաշշար Ասատ

Միացեալ Նահանգներ անլուրջ է Տահէշի դէմ պայքարին  մէջ. Նախագահ Պաշշար Ասատ

Սուրիա- (NBC-ԱՄՆ) Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի   խօսքով     ահաբեկիչներուն դէմ պայքարողը  հայրենասէր  նախագահ կը համարուի:  Ասատ այս  կարծիքը յայտնած է՝ խօսելով ամերիկեան  NBC կայանին: Ան  նաեւ յոյս  յայտնած է, որ  պատմութիւնը ճիշդ գնահատականներ կու տայ  եւ  կը  դիտարկէ, թէ ով էր որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարեցաւ Սուրիոյ մէջ: Սուրիոյ նախագահը, որ դրական  համարած է  Մոսկուայի  դերն ու զինուորական  միջամտութիւնը, նոյնպէս ըսած է, որ ռուսական միջամտութեան հետեւանքով էր, որ ահաբեկիչները  սկսան տեղի տալ Սուրիոյ մէջ, մինչ  անկէ առաջ  արեւմտեան երկիրներու  ձեռնամուխ ըլլալը պատճառ դարձաւ, որ ահաբեկիչները  տարածուին ամբողջ երկրին մէջ: Պատասխանելով ամերիկացի լրագրողի մէկ հարցին, որ արդեօ՞ք ռուս  պատասխանատուներ, որոնց կարգին  նախագահ Վլատմիր Փութին իր հետ քննարկած են փոխանցման  իշխանութիւն մը ստեղծելու, հետեւաբար նաեւ իր իշխանութիւնէն հեռանալու հարցը, Ասատ  պատասխանած է՝ ո՛չ եւ նկատել տուած, որ այդ առումով ինք  հանգիստ է ու մտահոգ չէ: «Ռուսերը  իրենց քաղաքականութիւնը  կը մշակեն հիմնուելով  մշտական արժէքներու   եւ ոչ թէ շահերու վրայ»,-  ըսած է Ասատ:  Սուրիոյ նախագահը նաեւ ըսած է, որ ինք  հայրենասէր նախագահ է, որովհետեւ     վճռած է ամէն գնով պայքարիլ ահաբեկիչներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ: Ասատ   քննադատած է ամերիկեան  քաղաքականութիւնը՝  կապուած  Միջին Արեւելքի հարցերուն ու ըսած, որ ԱՄՆ  անլուրջ է   Տահէշի եւ  ահաբեկչութեան  դէմ պայքարին մէջ: