Երուսաղէմի մէջ լարուած վիճակը օրէցօր նոր զարգացումներ կ'ունենայ. մամուլը կը հաղորդէ վերջին օրերուն 30 վիրաւորի եւ 3 զոհի մասին: Իսրայէլի կառավարութիւնը արտակարգ խորհրդակցութեան հրաւիրուած է, որու ժամանակ, հնարաւոր է, որոշում ընդունուի միացեալ Երուսաղէմի բաժանումի մասին, «Արեւելք»ի հետ զրոյցին ընթացքին տեղեկացուց Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ՝ Սերոբ Սահակեանը: Տեղեկութիւններ փոխանցելով Երուսաղէմի վերջին օրերու դէպքերուն մասին` մեր զրուցակիցը նշեց, որ 1967-էն ի վեր այսօրուայ լարուած վիճակը կը համարուի աննախադէպ, եւ նշուած թուականէն ետք առաջին անգամ ըլլլաով հնարաւոր է` բաժնուին Երուսաղէմի արեւմտեան եւ արեւելեան մասերը` աւելի ապահով քաղաք ունենալու համար, որովհետեւ այն ինչ կը կատարուի այսօր Երուսաղէմի մէջ, ինչպէս նշեց մեր զրուցակիցը, ահ ու սարսափի մէջ կը պահէ թէ' հրեաները, թէ' արաբները: «Լարուածութիւնը սկիզբ առաւ այս տարուայ 1 Օգոստոսիին, երբ խումբ մը հրեայ ծայրայեղ աջակողմեաններ մուտք գործեցին «Ալ Աքսա» մզկիթ, այս պարագան գրգռեց արաբները: Այդ օրէն ի վեր օրական երկու-երեք դէպք տեղի կ'ունենայ: Արաբները իրավիճակը կը սրեն հրեաներ դանակահարելով, վերջիններս ուղղակի զէնք կը գործածեն: Իսկ այստեղ շատ լուրջ հարց կայ, հրեան ուղղակի չի խնայեր արաբի կեանքը եւ ատրճանակը վերցուցած, անմիջապէս ծայրահեղութեան կ'երթայ: Բոլոր դէպքերը, ինչպէս գիտէք, արաբներուն կողմէն դաշունահարմամբ սկսած են, հրեաներուն կողմէն սպանութեամբ վերջացած»,-ըսաւ Սերոբ Սահակեանը:Յայտնի է, որ հրեաներու համար սրբատեղի համարուող Սողոմոնի տաճարը մուսուլմաններու համար նոյնպէս սրբավայր է, եւ այնտեղ կառուցուած է «Ալ Աքսա» մզկիթը: Պատմական այս հարցը վերջին շրջանում սպանութիւններուն առիթ կը հանդիսանայ սուրբ քաղաքին մէջ:
Մեր զրուցակիցը տեղեկացուց, որ մինչեւ հիմա եղած տարբեր լարուածութիւններուն սրման համար կառավարութիւնը ուղղակի փակած կամ հսկողութեան տակ վերցուցած է քաղաքի մէկ կողմը, բայց այսօր արդէն քաղաքին մէջ կը խօսուի քաղաքի բաժանումի մասին.«Չենք գիտեր` կառավարութիւնը ինչքան ժամանակով կ'ընդունի այդ որոշումը, հաւանաբար, մինչեւ ընդհանուր եզր գտնուի, բայց ըսեմ, որ եթէ հրեաները հակում ունին միջին եզր մը գտնելու եւ հաշտութեան երթալու, ապա արաբները, մանաւանդ` երիտասարդութիւնը, սարսափելի խելակորոյս վիճակ ունի եւ չուզէր հաշուի նստիլ ոչ մէկու հետ: Առաւել եւս` արաբ երիտասարդութեան մէջ մեծ է նաեւ կիներուն ու աղջիկներուն թիւը, այս մէկը խիստ կը մտահոգէ հրեաները, քանի որ վտանգ կայ, որ կիները դեր կը ստանձնեն: Մտահոգիչն այն է, որ անոնք չեն ենթարկուիր ո'չ Մահհմուտ Ապպասին, ոչ ալ` «Համասին»,-«Արեւելք»ի հետ իր զրոյցին ըսաւ Սերոբ Սահակեանը, նշելով, որ եթէ մինչեւ հիմա արեւելեան կողմի երուսաղէմցիները ազատ կը տեղաշարժէին արեւմտեան կողմին մէջ, այս դէպքերէն յետոյ այդ մէկը անհնար կը դառնայ:
«Փողոցները մարդ չկայ, արաբները կ'ապրին հրեաներու, վերջիններս` արաբներու վախով»,-ըսաւ ան:
Մեր այն հարցումին, թէ լարուած իրավիճակը ինչպիսի՞ անդրադարձ կ'ունենայ Երուսաղէմ ապրող հայերուն վրայ, մեր զրուցակիցը ըսաւ, որ հայկական թաղերը ընդհանուր առմամբ ապահով են.«Հայերն այս օրերուն շատ չեն տեղաշարժիր հրեաներու եւ պաղեստինցիներու շրջաններուն մէջ: Հրեաները ազատ կու գան մեր թաղերը, միայն վախ կայ, որ որոշ առումով մեզի արաբ կարծեն, բայց այնքան ալ վտանգաւոր չէ, որովհետեւ հայերը եբրայերէն լաւ կը խօսին, համարեա' հրեաներուն պէս»,-նշեց մեր զրուցակիցը, աւելացնելով, որ հայերը զգուշ են բոլոր իմաստներով, կուտակումներէն հեռու կը մնան: Ան ցաւով արտայայտուեցաւ հրեաներուն կողմէն երէկ 12 տարեկան տղայի սպանութեան մասին, նշելով, որ թողած են մինչեւ արիւնաքամ ըլլայ եւ մահանայ. «Իսրայէլը կը ներկայանայ իբրեւ մարդասէր, մարդասիրական գաղափարներու մասին կը խօսի, բայց իրենց ըրածը չափազանց անմարդկային էր»,-նշեց Սերոբ Սահակեանը:
Անոր խօսքերով, թերեւս միայն Իսրայէլի կառավարութեան որոշումը կարող է մեղմացնել իրավիճակը, որովհետեւ Մահմուտ Ապպաս առանձնապէս հակում չունի իր կողմէն միջամտելու, քանի որ որեւէ միջամտութեան եւ սրացման պարագային թէ' Իսրայէլը կը տուժէ, թէ Ապպասը, եւ շահողը, ըստ մեր զրուցակցին, կ'ըլլայ միայն «Համաս»ը: