Իջեւանի մէջ` ճգնաժամային տեղեկատուական կեդրոնին մէջ, ՊՆ նախկին խօսնակ, ռազմական փորձագէտ, լրատուական ճգնաժամային կեդրոնի պատասխանատու Արծրուն Յովհաննիսեանը նախ՝ ներկայացուցած է գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ շեշտելով, որ հայկական կողմը չունի կորուստներ, չէ խոցուած նաեւ հայկական ԱԹՍ:
«Առաւօտեան ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածեցին տեղեկատւութիւն, թէ հայկական կողմը օգտագործած է ԱԹՍ, որ իրենց կողմէ խոցուած է, սա պաշտօնապէս հերքուած է եւ չի համապատասխաներ իրականութեան»:
Արծրուն Յովհաննիսեանը անգամ մը եւս անդրադարձած է կամաւորներուն՝ նշելով, որ ատոր անհրաժեշտութիւնը չկայ։
«Արդէն մի քանի օր է՝ ՏԻՄ-երու, զօրամասերու մօտ կը հաւաքուին մեր պատրաստակամ հայրենակիցները, որպէսզի մեկնին մարտական դիրքեր։ Ատոր անհրաժեշտութիւնը չկայ։ Զինուած ուժերը իրենց խնդիրը կը կատարեն։ Այս հարցով այսօր պիտի ըլլայ ՊՆ յայտարարութիւնը»։