image

Լիլիթ Մակունցի Ամերիկա մեկնիլը մօտալո՞ւտ

Լիլիթ Մակունցի Ամերիկա մեկնիլը մօտալո՞ւտ

«Արեւելք»ի Ամերիկայի փակ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց  մօտալուտ  օրերուն պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ։

 

 Մեր աղբիւրները նաեւ կը յայտնեն, որ Մակունցի մեկնելու կարգադրութիւններու կողքին 20 յունիսին կայացած ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք կապ հաստատուած է ԱՄՆ-ի մէջ ներկայիս դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին հետ եւ վերջինիս հաղորդուած է, որ մինչեւ յուլիս ամսուան աւարտը պարտաւոր է լքել իր պաշտօնը։

 Ուաշինկթընի հայկական համայնքի նեղ շրջանակներուն մէջ, բողոքի որոշ մթնոլորտ մը ձեւաւորուած է հաշուի առնելով նաեւ, որ ՀՀ իշխանութիւնները մինչեւ այս պահը դեսպանին աշխատանքին կամ ապրելու վայրին վերաբերեալ ոչ մէկ տեղեկութիւն կամ ցուցմունք տրուած է ու այդ պատճառով ալ  3 զաւակներու տէր 48-ամեայ դեսպանը (դեսպան նշանակուած է յունուար 2019-ին) բառիս բուն իմաստով յայտնուած է «կոտրած տաշտակ»ի առջեւ։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ դեսպանը Ամերիկահայ շրջանակներուն մօտ կը համարուի իր առաքելութեան տէր դիւանագէտ ու ան մեծ ներդրում ունեցած ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ շահերը պաշտպանելու, բազմապիսի կապեր ստեղծելու ու նաեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ու կապել կերտելու առումով։

 

 Մեր աղբիւրը նաեւ նշած է, որ Մակունցի գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ յաջողցնել Փաշինեան-Պայտըն հանդիպումը, անշուշտ դիմելով ամերիկեան յայտնի եւ տխրահռչակ NGO-ներու նեցուկին։