image

«Մենք վստահ ենք, որ քիւրտերը հեռացան Թալ Ռըֆհաթէն». Էրտողանի բանբեր

«Մենք  վստահ ենք, որ քիւրտերը  հեռացան Թալ  Ռըֆհաթէն». Էրտողանի բանբեր

Թուրքիոյ նախագահութիւնը յայտարարած է, որ Մոսկուան Անգարային տեղեկացուցած է, որ քրտական ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ջոկատները դուրս եկած են Հալէպի հիւսաիսային քաղաք՝ Թէլ Ռըֆհաթէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար»ը:

Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալինը լրագրողներուն յայտարարած է. «Մենք պիտի ճշդենք ռուսաստանի տուած տեղեկութիւնները մեր այնտեղի աղբիւրներէն», աւելցնելով, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ բանակցութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ՝ քրտական ուժերու Մընպէճէն դուրսբերման շուրջ:

Իր հերթին Թուրքիոյ փոխվարչապետ եւ կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ յայտարարած էր, թէ թրքական բանակը նպատակ ունի քիւրտ զինեալները դուրս դնել Թէլ Ռըֆհաթ շրջանէն: «Ինչպէս քիւրտ զինեալները Աֆրինէն մաքրուեցան, այդպէս ալ Թէլ Ռըֆհաթէն պիտի մաքրուին», ըսած էր ան: