image

Մեկնարկած է 7-րդ գումարման ԱԺ անդրանիկ նիստը. Խորհրդարանը պիտի ընտրէ ԱԺ նախագահ, փոխնախագահներ, յանձնաժողովներու նախագահներ

Մեկնարկած է 7-րդ գումարման ԱԺ անդրանիկ նիստը. Խորհրդարանը պիտի ընտրէ ԱԺ նախագահ, փոխնախագահներ, յանձնաժողովներու նախագահներ

Մեկնարկած է ՀՀ 7-րդ գումարման խորհրդարանի առաջին նստաշրջանը. ԱԺ-ը գումարեած անդրանիկ նիստը։ Օրակարգի մէջ ընդգրկուած է 7 հարց:

Այսօր խորհրդարանը պիտի ձեւաւորէ հաշուիչ յանձնաժողով, ապա պիտի ընտրէ ԱԺ նախագահ, ԱԺ փոխնախագահներ:

Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու ստեղծումը 4-րդ հարցն է, այնուհետեւ պիտի ընտրուին այդ յանձնաժողովներու նախագահները: 

Օրակարգի մէջ ընդգրկուած հարցերու շարքին է է նաեւ «Կառավարութեան կառուցուածքի փոփոխութեան վերաբերեալ» օրէնքի նախագիծը, ինչպէս նաեւ Կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն տալու մասին հարցը:

ԱԺ կանոնակարգ օրէնքի համաձայն՝ ԱԺ նիստը նախքան նախագահի ընտրուիլը կը վարէ տարիքով ամենամեծ պատգամաւորը՝ այս պարագային «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Կնիազ Հասանովը:
ԱԺ կանոնակարգ օրէնքը նաեւ կը նախատեսէ, որ նախագահի ու փոխնախագահներու ընտրութիւնները իրականացուին փակ, գաղտնի քուէարկութեամբ: