image

Մայր Աթոռի յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Նարեկ»ի աշխարհաբար թարգմանութեան վերահրատարակութեան առթիւ յատուկ միջոցառում մը

Մայր Աթոռի յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Նարեկ»ի աշխարհաբար թարգմանութեան վերահրատարակութեան առթիւ յատուկ միջոցառում մը

«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ.


Մայր Աթոռի յարկին տակ այսօր տեղի ունեցաւ սուրբ Գր. Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքի աշխարհաբար առաջին ամբողջական թարգմանութեան վերահրատարակութեան նուիրուած յատուկ միջոցառում մը:

Նշենք, որ Նարեկացին առաջին անգամ աշխարհաբարի վերածուած էր Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադիրներէն Միսաք Գոչունեան, գրական ծածկանունով՝ Քասիմ:

Այսօրուան միջոցառումը տեղի ունեցաւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ Պոլսոյ ամենապատիւ Տէր Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան պատրիարքի:

Միջոցառման ընթացքին յատուկ խօսքերով հանդէս եկան Ս. Էջմիածնի .«Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի հրատարակչութեան տնօրէն Տէր Արարատ քահանայ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տէր Շահէ Ծայրագոյն վարդապետ Անանեան, որ իր խօսքով մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց երախտարժան Միսաք Գոչունեանի անձին, ինչպէս նաեւ անոր թողած գրական, գեղարուեստական ժառանգութեան մասին:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:

Հանդիսութեան վերջին մասով խօսք առաւ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան, որ կարեւորեց նման միջոցառման մը յաջողութիւնը եւ շնորհակալութեան յատուկ խօսք յղեց Մայր Աթոռի գահակալ հայրապետին, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքին:

Հանդիսութեան աւարտին իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք Նորին ամենապատւութիւն Տէր Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան: Սրբազան հայրը կարեւորեց այս նախաձեռնութիւնը եւ արժեւորեց, այն իմաստով , որ 100 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ իրականացուած «Նարեկ»ի աշխարհաբար առաջին թարգմանութիւնը դարձեալ կը վերահրատարակուի, ի փառս մեր ժողովուրդին եւ անոր քրիստոնէական աւանդոյթներուն եւ հաւատալիքներուն:

Սրբազանը նաեւ յատուկ խօսքով նշեց, որ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ոչ միայն շինարար կաթողիկոս է, այլ նաեւ հոգեւոր արժէքներու տարածման համար գործող կաթողիկոս, եւ այդ մէկը անշուշտ երեւելի է, յատկապէս, որ Մայր Աթոռի մէջ աշխոյժօրէն կը գործէ հրատարակչատուն մը, որ նաեւ կարեւոր աւանդ եւ դեր ունի քրիստոնէական գրականութեան տարածման առընթեր:

Յիշեցնենք, որ ձեռնարկի աւարտին, ինչպէս նախատեսուած էր, Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը խօսք չկարողացաւ առնել, նախօրօք ճշդուած ժամադրութեան մը պատճառով: