Գեղարքունիքի մարզի Շողակաթ (Շորժա) համայնքին մէջ, ուր 6-7 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է, լուրջ աւերածութիւններ չկան։ Այս մասին ըսած է Շողակաթի համայնքապետ Սուլիկո Շուշանեանը։
«Ամենավտանգաւորը մեր դպրոցն էր, որովհետեւ վթարային էր, սակայն չի փլել։ Լուրջ աւերածութիւն չկայ, կան փլած պատեր։ Հոսանքները վերականգնուել են»,- ըսած է ան։
Համայնքապետը յայտնած է, որ այս պահուն բնակիչները դուրսն են. «Բաւականին ուժեղ զգացուեց, ուժգնութիւնն ուժեղ էր։ Գիշերով ինչքան նայել ենք լուրջ բան չկայ»։
Յիշեցնենք, որ 5 փետրուարին, Հայաստանի մէջ գրանցուած է երկրաշարժ։ Երկրաշարժի կեդրոնը եղած է Գեղարքունիքի մէջ՝ 6-7 աստիճան ուժգնութեամբ։
Լուրը՝ NEWS.am-էն