image

Մարոքի մէջ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը առաջատար

Մարոքի մէջ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը առաջատար

Երէկ Մարոքի մէջ կայացուած խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը գրաւեց խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Ըստ BBC Arabic կայանին կուսակցութիւնը տիրացաւ խորհրդարանի 99 աթոռներու, մինչ ընդդիմադիր «Ասալա» կուսակցութիւնը 80 աթոռի: Կը նշուի նաեւ, որ երէկուան ընտրութեանց մասնկացած են Մարոքի ընտրել ու իրաւունք ունեցողներուն 43 առ հարիւրը: Յիշեցնենք, որ Մարոքի ԱԶԳ-ն երկրի իշխող կուսակցութիւնն է եւ կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքը երկրի մէջ բարենորոգչական աշխատանքներ տանիլն է: Մարոքի խորհրդարանի աթոռներու ընդհանուր թիւն է 395-ը: