Հալէպի Մարոնիթ համայնքը Արեւմտեան Սուրբ Ծննդեան (25 Դեկտեմբեր) տօնը դիմաւորած է աւերակուած եկեղեցւոյ մը մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է ընկերային ցանցերու միջոցաւ, ուր նաեւ տեղադրուած է պատկեր մը: Տասնեակ եկեղեցիներ ունեցող Մարոնիթ համայնքը կը համարուի քրիստոնէական երկրորդ մեծագոյն համայնք, յոյն ուղղափառ համայնքի կողքին: Նշենք, որ պատկերին մէջ երեւցող եկեղեցին Հալէպի Մարոնիթներու Սուրբ Եղիա (Մար Էլիաս) եկեղեցին է, որ կը գտնուի «Ֆարհաթ» հրապարակին մօտ: