1993 թուականին իր հրապարակած ինքնակենսագրական հատորին մէջ Մարիթա Լորէնց (ծնած Գերմանիա, 1939-ին) մանրամասնօրէն կը պատմէ այն մասին, թէ ինչպէս ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը ՝ CIA-ը մտադիր էր իր միջոցաւ սպաննել Քուպայի յայտնի առաջնորդ՝ Ֆիտէլ Քասթրոն: Լորէնց (77 տարեկան) գրած է, որ 1959 թուականին Քասթրոյի հետ «ջերմ յարաբերութիւններ» ունենալէ ետք մեկնած է ԱՄՆ, ուր հանդիպումներ ունեցած է CIA–ի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Հոն է նաեւ, ուր ամերիկացիք վերջինիս առաջարկած են թունաւոր դեղահաբերու միջոցաւ սպաննել Ֆիտէլ Քասթրոն: Տարի մը ետք ան այդ «առաքելութեամբ» կը մեկնի Հաւանա ու կը նկատէ, որ կանացի քսուկի մէջ տոպրակի մը դրուած թունաւոր դեղահաբերը հալած են:
Ապա, իր հետ ունենալիք հանդիպումին Քասթրո հարց տուած է.
-Կ'ուզէիր սպաննե՞լ ինձ:
Ղեկավարը, խօսքը աւարտելէ ետք իր ատրճանակը կերկարէ Լորէնցին, սակայն անսպասելի արարքով մը՝ Լորէնց գետին կը նետէ Քասթրոյի ատրճանակը ու կը նետուի իր սիրեկանին գիրկը...