image

Մարդահամար՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մէջ

Մարդահամար՝  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Մէջ

Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ մեկ­նար­կեց  մար­դա­հա­մա­ր: Լ.Ղ.Հ. Ազգա­յին Վի­ճա­կագ­րա­կան Ծա­ռա­յու­թեան ­Մար­դա­հա­մա­րի վար­չու­թե­նէն  «­Մե­տիա­մաքս»ին յայտ­նած են, որ մար­դա­հա­մա­րը կազ­մա­կեր­պե­լու     ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած  են ­Հան­րա­պե­տա­կան, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի քաղա­քա­յին եւ 7 շրջա­նա­յին  յանձ­նա­ժո­ղով­ներ, 9 մար­դա­հա­մա­րի, 90 հրա­հանգ­չա­կան եւ 501 հա­շո­ւա­յին  տե­ղա­մա­սեր: Մար­դա­հա­մա­րը պի­տի տե­ւէ մին­չեւ   ­Դեկ­տեմ­բեր 9-ը նե­րա­ռեալ: ­Նախ­նա­կան տո­ւեալ­նե­րը յայտ­նի պի­տի ըլլան կը 2016 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի սկիզ­բը, իսկ  վերջ­նա­կա­նը` 2016 թո­ւա­կա­նի վեր­ջը: Վար­չու­թե­նէն ընդգ­ծած են նաեւ, որ մար­դա­հա­մարը հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ու­սում­նա­սի­րե­լու հա­սա­րա­կա­կան եւ տնտե­սա­կան մա­կար­դակ­նե­րու մէջ տեղ գտած  փո­փո­խու­թիւն­ներն ու կան­խո­րո­շե­լու յե­տա­գայ յա­ռա­ջըն­թա­ցի նոր  ուղ­ղու­թիւն­ներն ու սկզբունք­նե­րը: 2005  թո­ւա­կաինի մար­դա­հա­մա­րի  տո­ւեալ­նե­րով` Լ.Ղ.Հ. բնակ­չու­թեան թի­ւը կազ­մած է 137 հա­զար մարդ:   Ն­շենք, որ հա­մա­ձայն  «­Մար­դա­հա­մա­րի մա­սին» Լ.Ղ.Հ. օ­րէն­քի` Ար­ցա­խի մէջ մար­դա­հա­մար տե­ղի կ­՛ու­նե­նայ 10 տա­րին ան­գամ մը եւ ա­սի­կա հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան պատ­մու­թեան մէջ երկ­րորդն է: