image

Մամլոյ ասուլիս. Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի կողքին

Մամլոյ ասուլիս. Դաշնակցութիւնը կանգնած է Արցախի կողքին

ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան 29 Յունուարին տուին մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները Ստեփանակերտի մէջ:

«Նորընտիր Բիւրոն ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ Արցախի ղեկավարութեան հետ եւ, վերադառնալով Հայաստան, անմիջապէս նոյն տեսակի հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ վարչապետի հետ», տեղեկացուց ան:

Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած են գործակցութեան պատրաստակամութիւն՝ ի շահ մեր հայրենիքին, երկու պետութիւններու եւ ի խնդիր Հայ դատին:

Արմէն Ռուստամեան՝ անդրադառնալով ՀՅԴ 33րդ Ընդհանուր ժողովին, նշեց, որ ՀՅԴ բոլոր ժողովներուն նման, այս մէկը եղաւ բուռն ու բովանդակային:

«Այս Ընդհանուր ժողովը ՀՅԴն որոշեց անցկացնել Արցախում, որն ունի լուրջ խորհուրդ: Մենք համարում ենք, որ հիմնական օրակարգային հարցը եղել եւ մնում է Արցախի հիմնախնդրի հայանպաստ լուծումը», նշեց ան եւ շեշտեց, որ հայկական երկրորդ պետութեան մէջ Ընդհանուր ժողով կը գումարուէր առաջին անգամ, եւ ատիկա խորհրդանշական էր:


0130asoulis1

 

«Դաշնակցութիւնն իր համասփիւռ կառոյցով ներկայ է Արցախում, կանգնած է Արցախի կողքին՝ ի պաշտպանութիւն Հայ դատի հանգրուանի: Բացի այդ՝ այս ժողովը եկաւ փարատելու բոլոր կասկածները, թէ իբր Դաշնակցութիւնը տարբեր շերտեր ունի, թէ իբր շարքերի եւ ղեկավարութեան միջեւ կան տարաձայնութիւններ: Բիւրոյի կազմի ընտրութիւնն էլ, որ տեղի ունեցաւ մէկ քուէարկութեամբ՝ երկու երրորդից աւելի ձայներով, եկաւ փաստելու, որ ՀՅԴն միակամ է եւ պատրաստ ստանձնելու մարտահրաւէրները, եւ այդ առաքելութիւնն ունի մեր կուսակցութիւնը», ըսաւ Ռուստամեան:

Նշենք, որ ՀՅԴն 33րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք տարածած էր յայտարարութիւն, որուն մէջ կը նշուէր նաեւ, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի մասին համաձայնագիրի՝ սեղմ ժամկէտներու մէջ կնքումը հրատապ անհրաժեշտութիւն է:

Հարցին, թէ ի՞նչ  կ՛ենթադրէ այդ ռազմաքաղաքական դաշինքը եւ ինչո՞ւ  ճիշդ այսօր Դաշնակցութիւնը կը խօսի այդ մասին՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուսատմեան պատասխանեց, որ Դաշնակցութիւնն այդ հարցը բարձրացուցած էր վաղուց:

Ռուստամեանի համաձայն, առնուազն անոնք, որոնք քիչ մը երկար կենսագրութիւն ունին քաղաքական կեանքին մէջ, կը փաստեն, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի հարցը Դաշնակցութիւնը վաղուց բարձրացուցած էր, ատոր մասին խօսած են երեւի 10 տարիէն աւելի:

«Միշտ դրա անհրաժեշտութիւնը կարեւորել ենք: Ռազմաքաղաքական դաշինքն, ըստ էութեան, մի կողմից՝ չի թուլացնի մեր դիրքերը բանակցային գործընթացում, միւս կողմից՝ կ՛արձանագրի Հայաստանի եւ Արցախի անմիջական կապը: Այսինքն՝ այն ամէնն ինչ դէ ֆակտօ ունենք, դէ իւրէ իրաւական դաշտ բերելու իրաւական հարցն է լուծելու ռազմաքաղաքական դաշինքը: Այս խնդիրների հետապնդման հետ կապուած ճշգրիտ քայլեր ենք արել: Եթէ յիշէք, ժամանակին դեռ նախագահական ընտրութիւններին, երբ Վահան Յովհաննիսեանն առաջադրել էր իր թեկնածութիւնը, խօսել էինք չյարձակուելու մասին Ատրպէյճանի հետ ակտ կնքելու վերաբերեալ: Իսկ ապրիլեան պատերազմի հետեւանքներով մեր առաջարկութիւնն ընդունեց իշխանութիւնը, յանձնարարութիւն տուեց Արտագին գործոց նախարարին, որ պատրաստի փաստաթուղթ», ըսաւ Ռուստամեան՝ աւելցնելով, որ այդ ամբողջ աշխատանքներուն մէջ Դաշնակցութիւնը միշտ ներգրաւուած եղած է:


0130asoulis3

 

Ռուստամեանի հաւաստմամբ՝ ՀՅԴն ունի իր պատկերացումները, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ այդ ռազմաքաղաքական դաշինքը, եւ կը կարծեն, որ այսօր ալ իսկապէս ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումն անհրաժեշտութիւն է, աւելին՝ այդ անհրաժեշտութիւնը վաղուց հասունցած էր: «Այսօր ունենք լուրջ սպառնալիքներ Արցախի անվտանգութեան հետ կապուած՝ նոր պատերազմ հրահրելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնների առումով: Պէտք է յստակ արձանագրենք, որ յարձակում Արցախի վրայ, նշանակում է՝ յարձակում Հայաստանի վրայ: Մեր միասնական անվտանգութեան համակարգի վերաբերեալ մենք մատնանշումներ արել ենք նախորդ բոլոր համագործակցութեան պայմանագրերում: Այսինքն՝ բացարձակապէս անհիմն են, եւ ես բացատրութիւն չեմ տեսնում այն յայտարարութիւնների մէջ, թէ Դաշնակցութիւնը նոր է յիշում սրա մասին: Գուցէ ուղղակի ոմանց պէտք է այդպէս ներկայացնել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Ան նշեց նաեւ, որ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը ՀՅԴի հետեւողական մօտեցումը եղած է եւ այսօր ալ ատոր մասին կը խօսին՝ զայն գործնական դարձնելու համար: ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահին համաձայն, ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման վերաբերեալ Դաշնակցութիւնն արդէն իսկ հանդիպած ու զրուցած է Արցախի նախագահին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին հետ. «Գտնում ենք, որ պէտք է այդ դաշինքի կնքման՝ ճիշդ համաձայնեցուած քայլերը պայմանաւորենք, ճանապարհային քարտէզ մշակենք ու գնանք դրա կնքմանը: Կարծում եմ՝ սա պէտք է դառնայ մեր համաժողովրդական պահանջը՝ արցախահայութեան, Հայաստանի եւ Սփիւռքի, որպէսզի մենք միասին արձանագրենք մեր միակամութիւնը՝ պաշտպանել մեր համահայկական շահերը՝ Արցախն ու Հայաստանը միասին վերցրած»:

ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ալ նշեց, որ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքման մասին Դաշնակցութեան համաժողովն ալ յստակօրէն արտայայտուեցաւ՝ որդեգրելով նախկին մօտեցումները:

«Համաժողովն անհրաժեշտ գտաւ, որ ապրիլեան քառօրեայէն ետք եւ ներկայ իրավիճակէն ելլելով՝ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք պատերազմական գործողութիւններու՝ որեւէ ժամանակ սկսելուն: Ռազմաքաղաքական դաշինքն իրաւական հարթութեան վրայ կը բերէ Արցախի անվտանգութեան հարցին մէջ Հայաստանի դերակատարութիւնը», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան:

 

 

ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ, ԲԱՅՑ ԿԱՆ ՈՐՈՇ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՑ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՊԷՏՔ Է ՄԻԱՍԻՆ ԱՇԽԱՏԻԼ

Վստահ եմ, որ նկատած էք, վերջին շրջանին՝ ժողովրդական շարժումէն ետք, քանի մը առիթներով վարչապետի հետ շարունակական հանդիպում ունեցած ենք թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ դուրսը, մամուլի ասուլիսի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

«Ես անձամբ Ուաշինկթընի մէջ, Արմէն Գարոյի արձանի բացումին, նշած եմ, որ այս կառավարութեան յաջողութիւնը բոլորիս յաջողութիւնն է, եւ ձախողութիւնը՝ բոլորիս ձախողութիւնը: Բացի այդ՝ հանդիպումներ տեղի ունեցած են Փարիզի, Լիբանանի մեր Կեդրոնական կոմիտէներու հետ, Նիւ Եորքի մէջ՝ Ամերիկայի երկու Կեդրոնական կոմիտէներու հետ, եւ մենք նաեւ այլազան հանդիպումներ ունեցած ենք՝ նախարարներու, դեսպաններու ու այլ մակարդակներով, եւ միշտ կրկնած ենք հետեւեալը՝ կ՛ողջունենք այս փոփոխութիւնները Հայաստանի մէջ, մանաւանդ այն, որ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան ամրապնդման, կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ, յուսամ, նաեւ մենաշնորհներու վերացմանը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Ըստ Տէր Խաչատուրեանի, սակայն, կան որոշ մտահոգութիւններ, որոնց ուղղութեամբ պէտք է միասին աշխատիլ: Անոր խօսքով՝ մտահոգութիւններէն առաջինը կապուած է Արցախեան հիմնահարցի հետ:

«Արցախեան հիմնահարցի վե-րաբերեալ ունինք մտահոգութիւններ: Նաեւ մենք աւելի զգոյշ ենք, որովհետեւ օտար պետութիւններ հասած տեղեկութիւնները մտահոգիչ են, մտահոգիչ այն իմաստով, որ ծայրայեղ լաւատեսութիւնը ինքնին արդէն յոռետեսութեան կ՛առաջնորդէ մեզ, որովհետեւ կը նշանակէ, որ ընդհանուր մեղսակցութիւն գոյութիւն ունի արտաքին ուժերու կողմէ, որպէսզի լուծում պարտադրուի, իսկ թէ որքանո՞վ կը յաջողի կամ ոչ, կախեալ է բոլորէս՝ մեր ժողովուրդէն, իշխանութեան հետ համագործակցութենէն, որ Արցախը մնայ ամուր եւ անզիջող», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Երկրորդ մտահոգութիւնը կապուած է այն բանի հետ, որ յայտարարուեցաւ, թէ Դաշնակցութիւնը բազմաշերտ է, ապա տարուեցաւ սեւ ու սպիտակի քաղաքականութիւն:

«Այդ հարցը իրապէս կը մտահոգէ մեզ: Եթէ յատուկ միայն ընտրական պայքարի ժամանակ արտայայտուած ծայրայեղութիւններ էին ատոնք, այդ պարագային կ՛ակնկալենք պարոն վարչապետէն, որ իր շրջապատին ալ փոխանցէ այդ ընդհանուր հասկացողութիւնը, որ ասիկա վնասակար երեւոյթ է: Ես ձեզ տառացիօրէն եւ աներկբայօրէն կը հաստատեմ, որ Դաշնակցութեան մէջ բաժանում գոյութիւն չունի, եւ այն արտայայտութիւնները, թէ ներսինները վատ են, դուրսինները լաւ են, ոչ մէկ լաւ տեղ չի տանիր մեզ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ Դաշնակցութիւնը միշտ կողմնակից եղած է համախմբուելուն եւ ոչ թէ բաժանարար գիծեր ստեղծելուն», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան:


0130asoulis2

 

Դաշնակցութեան մտահոգութիւնը, ըստ անոր, նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւնն է:  «Մէկ ժողովուրդ ըլլալու գաղափարը այսօր Սփիւռքի մէջ, բարեբախտաբար, Դաշնակցութիւնը կրցած է պահել հակառակ ամէն դժուար պայմաններու, եւ ատիկա պէտք չէ խախտել: Մէկ ժողովուրդ ըլլալու հասկացողութիւնը անոր համար է, որ կրնաս ունենալ գաղափարական որոշ տարակարծութիւններ, օրինակ՝ մէկը ունի աւելի ձախ դիրքորոշում, Դաշնակցութիւնը ժողովրդավար է, բայց նաեւ ընկերվարական կուսակցութիւն է, կան նաեւ տնտեսական զարգացման եւ այլ ոլորտներու մէջ տարբեր մօտեցումներ, բայց ասոր համար պէտք է խօսակցութիւն եւ գործակցութիւն: Եւ մենք վարչապետի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած ենք, որ պատրաստ ենք այդ գործակցութեան, մինչեւ այն ժամանակ, որ այս որոշ մտահոգութիւնները փարատուին: Այս՝ բաժանարար գիծերու քաղաքականութիւնը վարչապետի եւ անոր շրջապատին կողմէ պէտք է վերցուի, որովհետեւ ատոր ականատեսը եղած ենք նաեւ Սփիւռքի մէջ», եզրափակեց Տէր Խաչատուրեան:

Մենք Փաշինեանի հետ որեւէ խոչընդոտ, խնդիր չենք տեսներ՝ մեր առջեւ դրուած կարեւորագոյն ազգային, պետական խնդիրները լուծելու առումով: Այս մասին մամուլի ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան:

«Մենք յարաբերուելու ենք՝ լինի Փաշինեանը, թէ՝ որեւէ այլ մէկը, ըստ մեր ունեցած գաղափարա-քաղաքական սկզբունքների: Այդ դաշտն այսօր կայ, դա մեր հանդիպումներն են  ցոյց տալիս: Պարոն Փաշինեանի հետ մենք խօսում ենք շատ կառուցողական մթնոլորտում, հասկանալի ենք դարձնում միմեանց տեսակէտները, ուստի ես լաւատեսօրէն եմ տրամադրուած մեր յետագայ համագործակցութեան հարցում: Ի վերջոյ, ինչ էլ լինի, այսօր Հայաստանի գլխաւոր առաջին դէմքը, որ վարում է թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքականութիւնը, ՀՀ վարչապետն է: Սխալ կը լինի, եթէ չասեմ՝ ապազգային ու հակապետական է այն մօտեցումը, որ ուզենաս՝ օր առաջ ձախողուի այդ իշխանութիւնը, քանի որ դու իշխանութեան մէջ չես, որ քո տեսակէտներն աւելի առաջ գնան: Մենք չենք ընթանում այն տրամաբանութեամբ՝ ինչքան վատ էք, այնքան լաւ: Մենք ուզում ենք, որ լինի լաւ, եւ վստահ ենք, որ այդ ժամանակ բոլորի համար էլ լաւ կը լինի, Դաշնակցութեան համար էլ լաւ կը լինի», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան ընդգծեց, որ այս տրամադրուածութեամբ պատրաստ են համագործակցելու:

«Նոր ձեւաւորուած Բիւրոն էլ իր յանձնառութիւնն այդ առումով տեսնում է, իր պատրաստակամութիւնը յայտնել է այն ծրագրերի շուրջ համագործակցել, որոնք, մեր կարծիքով, այսօր ակտուալ են մեր երկրի եւ պետութեան համար, եւ առայժմ այդ փոխըմբռնումը պարոն Փաշինեանի հետ ունեցել ենք, եւ դա աւելի կը խորանայ», ըսաւ ան:

«Դաշնակցութիւնն այն կուսակցութիւնը չէ, որ (նախարարական) պորտֆելների համար, այժմէական ինչ-որ հարց լուծելու համար լծակ ստանայ, այսպիսի ձեւերով  Դաշնակցութիւնը երբեք չի առաջնորդուել: Դաշնակցութիւնն առաջնորդուել է իր յստակ ծրագրով եւ գաղափարներով: Եթէ այդպէս վարուէր որեւէ մարմին, մէկ օրուայ կեանք չէր ունենայ: Այս Ընդհանուր ժողովը, որը 10 օր է տեւել, ի՞նչ է քննարկել: Ամենամանրամասնութիւններով է քննարկել մեր ցանկացած յայտարարութիւնը, իշխանութեան կողմից կատարուած յայտարարութեանը մեր արձագանգը, մեր պահուածքը եւ այս ամէն ինչի ամփոփումից եկել է այն եզրակացութեան, թէ ինչպէս մենք պէտք է շարունակենք մեր ընթացքը», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահը:

Ռուստամեան շեշտեց, որ բոլորը պէտք է ընկալեն, որ  ՀՅԴն այն բացառիկ ազգային կառոյցներէն մէկն է, որ միայն դաշնակցականներու կառոյցը չէ:

«Մեր ժողովրդի ստեղծած բացառիկ կառոյցն է , որ 30ից աւելի երկրում գործում է: Իրարից անկախ՝ մարդիկ հաւաքւում են, բայց նոյն գաղափարների ու նպատակների շուրջ են համախմբուած: Որեւէ մէկին թոյլ չենք տայ, որ այդ գաղափարներից ու ծրագրերից շեղուի, որեւէ համագործակցութեամբ դա դրուի հարցականի տակ, որեւէ յայտարարութեամբ մենք մեր նախորդ յայտարարութիւնները հերքենք: Մենք պատասխան ենք տալիս 129 տարուայ համար, չկայ այդպիսի մի քաղաքական ուժ, որ 129 ամսուայ համար պատասխան տայ: Մենք այդ կուսակցութիւնն ենք, իսկ դա պատահական չի լինում: Այդպիսի կուսակցութեան կենսունակութիւնը պահպանւում է միայն նրանով, որ դու քո սկզբունքներին հաւատարիմ մնաս: Այդ ձեւով մենք պէտք է համագործակցենք ցանկացած քաղաքական ուժի հետ: Կարծում եմ, որ որեւէ իշխանութիւն, ինչպիսի մեծամասնութիւն էլ ունենայ, անցած մեր անկախութեան փորձը եւ պատմութիւնը դա է ցոյց տուել, որ պէտք է հաշուի նստի Դաշնակցութեան հետ, որովհետեւ դա միայն կուսակցութեան հետ հաշուի նստել չի նշանակում: Դա նշանակում է այդ գաղափարը կրող, այդ գաղափարին նուիրուած հայութեան հետ հաշուի նստել: Սա է խնդիրը, եւ պատահական չէ, որ ասում եմ՝ կապ չունի, Դաշնակցութիւնը խորհրդարանում է, թէ՝ խորհրդարանից դուրս: Սա բացարձակապէս Դաշնակցութեան նսեմացում կամ իրավիճակի փոփոխութիւն չի կարող առաջացնել, այնպէս որ՝ Դաշնակցութիւնը պէ՞տք է գործի, թէ՞ չգործի: Պարզապէս այդ մի գործիքը՝ ԱԺ ամբիոնը, չենք ունենայ, բայց կ՛ունենանք բազմաթիւ այլ ամբիոններ, որոնցից ոչ ոք մեզ չի կարող զրկել», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահը:

Հրանդ Մարգարեան իր ելոյթով արտայայտած է այն, ինչ մենք ամբողջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հրապարակաւ ըսած ենք, նշեց Ռուստամեան՝ անդրադառնալով ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի կոշտ քն-նադատութիւններուն իշխանութեան հասցէին:

«Մենք շատ յստակ ասել ենք, թէ ինչու ենք մտել այս ընտրական պայքարի մէջ եւ ասել ենք, որ մտել ենք որպէս ընդդիմութիւն, ձեւակերպել ենք, որ մեր ընդդիմադիր կեցուածքը՝ թէ արտաքին թէ ներքին, հարցերի մասով», նշեց ան:

Ըստ Ռուստամեանի՝ գլխաւոր վտանգը, որ արձանագրան են, այն է, սխալը կրկնենք:

«Դրա համար ես միշտ ասել եմ, որ սա «դեժավիու» է յիշեցնում: Անհանգստութիւնը շատ յստակ է՝ այս նորը չլինի լաւ մոռացուած հնի կրկնութիւն: Այսինքն, մենք չպէտք է բերենք նրան, որ հին մենաշնորհը փոխարինուի նոր մենաշնորհով: Մենք 5 խնդիր էինք դրել, որով էլ պայմանաւորել էինք յետագայ համագործակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այդ խնդիրներից մէկն այն էր, որ մենք պէտք է ամրապնդենք խորհրդարանական համակարգը եւ լուծենք իրենց իսկ կողմից ձեւակերպուած, սուպերվարչապետական համակարգի խնդիրը: Սուպերվարչապետական համակարգից հրաժարում մենք այսօր չենք տեսնում: Նախարարութիւնների հետ կապուած փոփոխութիւնները որ բերել էին, դրանով ակնկալում էինք տեսնել ներքին գործերի նախարարութեան ամրագրում, այդ կերպ Ոստիկանութիւնը եւ մի շարք այլ կառոյցների վերահսկողութիւնը կը փոխանցուէր ԱԺին», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան նշեց, որ ունին խորքային հարցեր:

«Մենք ակնկալում ենք, որ նոր իրավիճակում, երբ պատասխանատուութիւնն ամբողջապէս մէկ քաղաքական ուժին է պատկանում այդ հարցերին պէտք է շատ ուշադիր հետամուտ լինեն: Մենք դեռ ունենք յոյս, որ ինչպէս ես ասացի՝ կը զարգանանք չզիջելով: Այսինքն իր սեփական ռեսուրսի վրայ կենտրոնանալով կը զարգանանք այնպէս, ինչպէս կը պահանջի մեր շահերը: Մենք առայժմ դա չենք տեսնում, կը գայ ծրագիր, կը կատարուեն քայլեր կը տեսնենք, բայց յոյս ունենք, որ կը գնայ այդ ուղղութեամբ: Եթէ այդ քայլերը կատարուեն, մենք որեւէ խնդիր չունենք համագործակցելու», ըսաւ ան:

Հարցին՝ ժողովուրդին պիտի համախմբէ՞ք իշխանութեան դէմ, Ռուստամեան պատասխանեց. «Կը համախմբենք, եթէ լինի հակառակ ծրագիրը՝ զիջենք, որ զարգանանք, եթէ այդպիսի վիճակ եղաւ, կը համախմբենք: Դա արել ենք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ, դա արել ենք Սերժ Սարգսեանի ժամանակ՝ Ոչ-ի շարժումով եւ եթէ հիմա նոր իշխանութիւնները նման զիջումների չպէտք է գնան եւ ռեսուրսը մեր մէջ ամրացնելու քաղաքականութիւն տանեն, մենք ամբողջութեամբ կը սատարենք այդ իշխանութեանը», եզրափակեց ան:

Լուսանկարները՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

 

«Ասպարէզ»