image

Մահափորձ CHP -ի Առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի դէմ

Մահափորձ CHP -ի Առաջնորդ  Քեմալ Քըլըչտարօղլուի դէմ

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական (CHP) կուսակցութեան առաջնորդին դէմ մահափորձ եղած է:   Այս մասին լուրը փոխանցեց  թրքական «Տողան» լրատուական  գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ  նշած է, թէ մահափորձը եղած է Արթուին քաղաքին մէջ, ուր զինեալներ  կրակ բացած են Քեմալ Քըլըչտարօղլուի  շարասիւնին  վրայ:  Քըլժտարուղլի ճակատագրին մասին յստակ տուեալներ չկան, մինչ կարգ մը  թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ  ան փրկուած է մահափորձէն: