Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական (CHP) կուսակցութեան առաջնորդին դէմ մահափորձ եղած է: Այս մասին լուրը փոխանցեց թրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ նշած է, թէ մահափորձը եղած է Արթուին քաղաքին մէջ, ուր զինեալներ կրակ բացած են Քեմալ Քըլըչտարօղլուի շարասիւնին վրայ: Քըլժտարուղլի ճակատագրին մասին յստակ տուեալներ չկան, մինչ կարգ մը թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ ան փրկուած է մահափորձէն: