Թերթիս 4 Յունուար 2018-ի ֆրանսերէն յաւելուածին մէջ (թիւ 81) անցեալները Թեհրանի մէջ սարկաւագուհիի մը ձեռնադրութեան վերաբերեալ Սահակ Սուքիասեանի գրած յօդուածին կից, հրատարակուած Թիֆլիսի երբեմնի կուսանոցի խմբանկարը, մէջս հետեւեալ յիշատակներն ու խոհերը արթնցուց։ 1969-ի Օգոստոս ամիսն էր. առաջին այցելութիւնս Հայաստան. աւելի ճիշդ երկու շաբաթ տեւած յուզումնալից ուխտագնացութիւն մը պատմութեան մեզի թողած այն կտոր մը հողին վրայ, որ կը կոչուէր Խորհրդային Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Խրուշչեւեան ձիւնհալը որոշ չափով մոռցնել տուեր էր ստալինեան սարսափի տարիները, սեղմ շրջանակներու մէջ ալ լեզուները քիչ-քիչ բացուիլ սկսեր էին։ Բայց տակաւին օտար քաղաքացիներուն Երեւանէ դուրս, խումբէն անջատ երթեւեկել արտօնուած չէր։ Իսկ ես, ուխտած էի ա՛նպայման Օշական երթալ եւ Սուրբ Մեսրոպի շիրիմը համբուրել…։ Կիզիչ յետմիջօրէ մը, հայրենադարձ ազգականի մը ընկերակցութեամբ, Աշտարակ քաղաքի մէջ ալ հանրակառք փոխելով հասանք Օշական պատմական գիւղը, որ Արշակունեաց թագաւորութեան օրերէն եղեր էր Ամատունի իշխաններուն տոհմական կալուածը։ Եւ ասոր-անոր հարցնելով գտանք քահանային տունը։ Պատկառելի մօրուքով Տէր Վազգէն քհնյ. Ամատունի (չեմ գիտեր, թէ իր ազգանունը պա՞րզ զուգադիպութիւն էր, թէ ոչ իշխանական տոհմի հեռաւոր ժառանգորդը), նախ մեր տապն ու ծարաւը յագեցնելու համար, հայկական սովորութեան համաձայն իր գիւղական տան բակին մէջ, երէցկնոջ մեզի պաղ թանով հիւրասիրել տուաւ։ Ըսի Տէր հօր որ՝ Ֆրանսայի Մարսիլիա քաղաքէն եկած եմ, սարկաւագ եմ, նախորդ Կիրակին Էջմիածնի Մայր տաճարին մէջ պատարագին սպասարկելու մեծ բախտն ու պատիւը ունեցայ, եւ այսօր եկած եմ Օշական Հայոց Մեծ սուրբին գերեզմանը ուխտի։ Տէր Վազգէն Ամատունի, առանց իր շապիկ-տաբատին վրայէն սքեմ մը անցընելու, բանալիները առնելով մեզ առաջնորդեց եկեղեցի։ Հոյակապ տաճար մը, վերակառուցուած ԺԹ. դարուն։ Սեղմուած կոկորդով, հազիւ կրցայ «Որք զարդարեցին» շարականէն մէկ տուն երգել, մոմս վառեցի եւ իջայ աւանդատան ներքնայարկը, հայերէն այբուբենով զարդարուած գերեզմանին տապանաքարը համբուրելու։ Եւ ուխտեցի «խորհրդեամբ ճշմարիտ լուսոյն յօրինուած կենդանի գիրերը» ա՛նպայման զաւակներուս փոխանցել։ Այսօր, մօտ 50 տարի անց, առանց յուզումի չէ որ այդ օրը կը վերյիշեմ, եւ փառք կու տամ Տիրոջ որ կրցայ ուխտս գործադրել, քանի զաւակներս եւ հինգ թոռներս ոչ միայն սահուն հայերէն կը խօսին, այլեւ կը կարդան ու կը գրեն։ Այսքանը որպէս յաջորդող տողերուն եւ խոհերուս ներածական։
* * *
Եկեղեցիէն դուրս ելլելով, լուսանկարուեցանք Տէր Վազգէնի հետ։ Չեմ գիտեր, «ջերմեռանդութիւնս» էր թէ ոչ այլ պատճառներով որ Տէր հօր լեզուն սկսաւ բացուիլ։ Ան՝ շուրջը զննող հայեացք մը նետելէ յետոյ, ականջիս մօտենալով ինծի «մեծ գաղտնիք մը» յանձնեց. փոլիշինէլի գաղտնիք զորս Սփիւռքի մէջ շատերս գիտէինք, թէ Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբեկեան կաթողիկոսը չեկիստներուն կողմէ խեղդամահ եղած է։ Բայց բոլորովին անտեղեակ էի Տէր հօր հաղորդած հետեւեալ մանրամասնութեանց զորս արագ-արագ պատմեց։ Իրենց զազրելի արարքը գործելէ ետք, այդ չեկիստները (որոնց համար դժուար է հայ եւ մարդ մակդիրները գործածել - Ս.Պ.) Հայրապետին դիակը գետինը կը ձգեն ու կ՚երթան։ Յաջորդ առաւօտ, գրեթէ ամայացած մայրավանքին մէջ գտնուող սակաւաթիւ մարդիկ, կատարուածէն սարսափահար, իրենց ծակերը կը քաշուին եւ Վեհափառին մօտ ապաստան գտած թիֆլիսցի քանի մը պառաւ կոյսեր, 48 ժամ յետոյ, դագաղ մը ճարելով՝ Հայրապետին մարմինը կը տանին Ս. Գայիանէի գերեզմանատունը կը թաղեն։
Եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Հայոց կաթողիկոս մը առանց պատարագի, առանց օծման, այսպէս անշուք կերպով հողին կը յանձնուի…։ Պատանեկութենէս, շատ դէպքեր ու անցքեր տետրի մը մէջ արձանագրած էի, եւ Տէր Վազգէնի բերնէն շատ բան կար տակաւին իմանալիք, բայց ժամանակը կարճ էր. պէտք էր երկու հանրակառք առնելով Երեւան վերադառնալ, եւ ամէն ժամու ալ չկար։ Ուստի, ակամայ Տէր հօրմէն հրաժեշտ առինք։ Ահա հոս է, որ յուշերս կը միանան Սուքիասեանի յօդուածին կցուած լուսանկարին։
Այն ատեն ես 36 տարին հազիւ բոլորած էի։ Գիտէի որ՝ Պոլսոյ մէջ ԺԹ. դարուն Սրբուհի Գալֆայեան հայ առաքելական կրօնաւորուհիներու ուխտ մը հիմնած էր, որ մասնաւորաբար որբախնամ առաքելութեամբ զբաղած էր։ Գիտէի նաեւ որ՝ մինչեւ Բ. աշխարհամարտ Երուսաղէմի մէջ ալ եղած են հայ կրօնաւորուհիներ։ Բայց բոլորովին անտեղեակ էի Թիֆլիսի կուսանոցին մասին։ Խորէն Ա. կաթողիկոս թիֆլիսցի էր. որքան որ կաթողիկոսանալէ առաջ իր գլխաւոր գործունէութիւնը Երեւանի մէջ եղած ըլլայ որպէս հայրապետական թեմի փոխանորդ, սակայն իրեն անծանօթ չէին կուսանոցն ու միաբանուհիները։ Որով կարելի է դիւրութեամբ ըմբռնել որ՝ իրենց ամենէն նեղ օրերուն, Էջմիածնի մայրավանքին մէջ ապաստան տուած ըլլայ անոնց։ Խնդրոյ առարկայ լուսանկարը իր տակը ունի ֆրանսերէն եւ ռուսերէն արձանագրութիւն. բայց ոչ տարեթիւ։ Դժուար է մտածել որ՝ խորհրդային վարչակարգի դժնդակ տարիներուն քաշուած ըլլայ. ամենայն հաւանականութեամբ ռուսական յեղափոխութենէն առաջուան լուսանկար ըլլայ։ Հոն կ՚երեւան 16 միանձնուհիներ, մէջտեղը մեծաւորուհին լանջախաչով։ Սուքիասեանի յիշատակած Հռիփսիմէ Թահիրեա՞նն է արդեօք։ Օտար լեզուով արձանագրութիւնները մտածել կու տան որ՝ հասոյթի նպատակով հրապարակ հանուած է։ Եթէ ենթադրածս թուականը ճիշդ է, դժուար է մտածել որ կարմիր տարիներուն, նորեր ալ եկած ըլլան շարքերը խտացնելու։ Իսկ, անխուսափելի մահերը նկատի առնելով, անոնցմէ քանի՞ հատն է որ 30-ական թուականներուն Էջմիածին հասաւ ապաստանելու եւ Վեհափառին տխուր թաղումը կատարելու։ Խօսելով անոնց մեծաւորուհիին մասին, Սուքիասեան կը գրէ որ ան՝ մահացած է պանդխտութեան մէջ –en exil– ծայր աստիճան թշուառ վիճակով։ Բայց չ՚ըսեր ո՞ւր. Սիպի՞ր, արտասահմա՞ն։ Որքան որ այդ թուականներուն Էջմիածնի մէջ ալ կեանքի պայմանները շատ ծանր, շատ դժուար ըլլային, անոնց հոն գտնուիլը կարելի չէր պանդխտութիւն նկատել։ Ուստի, յայտարարութիւն մը, տեղեկութիւն մը պէտք է հնարաւորինս ամբողջական ըլլայ, եղելութիւնները ճիշդ ներկայացնելու համար։
* * *
Ճիշդ երկու ամիսէն կը լրանայ եղերաբախտ Հայրապետին մահուան 80-ամեակը։ Թող ներուի ինծի եթէ նուաստիս մնաց այդ յիշեցնելը։ Պահ մը մոռնանք Մայր Աթոռի պապե՛րու այցելութիւնն ընդունող այսօրուան փարթամ վիճակը։ Մոռնանք նաեւ 1969-ին Վազգէն Ա. Հայրապետի ջանքերով ստեղծուած վերելքի օրերը եւ ջանանք մտովի 80 տարի ետ երթալ, եւ պատկերացնել 38 թուականի այն նոյնքան սեւ օրերը։ Մայրավանք մը բոլորովին մերկացած իր անցեալի փառքէն ու շուքէն. ո՛չ ճեմարան որ 20 տարի է փակ է, ո՛չ տպարան ու պաշտօնաթերթ, ոչ ալ միաբանութիւն. աբեղայ, վարդապետ, եպիսկոպոս կա՛մ գնդակահարուած են, կա՛մ ալ Սիպիր աքսորուած. տկարամիտներն ալ սքեմ ու վեղար հանած եւ աշխարհական դարձած։ Պաշտօնէութիւն ալ գրեթէ չկայ. մարդիկ կը վախնան «ժողովուրդի թշնամի» կրօնքին երթալ ծառայելէն։ Մարդիկ նոյնիսկ եկեղեցի չեն մտներ. մոմ վառող չկայ, հասոյթ ալ չկայ։ Եւ այդ անապատային վանքին մէջ կաթողիկոս մը միայնակ, որ տակաւին Ամենայն Հայոց մեծաշուք տիտղոսը կը կրէ. ի՜նչ հեգնանք։ Եւ եթէ աւելցնենք մի քանի պառաւ կոյսեր –որոնց վաղը պիտի վիճակի առանձինն կաթողիկոս թաղել,– տխուր պատկերը կ՚ամբողջանայ։
Հին վեհարանէն մինչեւ Ս. Գայիանէ շատ հեռու չէ, հազիւ 3 կամ 400 մեթր։ Ինչո՞վ փոխադրուեցաւ կաթողիկոսին դագաղը. կուսական ուսերու վրայ ուսամբա՞րձ, թէ ոչ սայլակ մը ճարուեցաւ։ Մայրապետեր իրե՞նք փոսը փորեցին ու դագաղը իջեցուցին։ 1938-էն 41, շուրջ երկուքուկէս տարի, մայրավանքը բոլորովին գոց մնացած է, ո՞ւր գացին պառաւցած այդ քանի մը աղջիկները։ Հարցումներ որոնք ինքնին սարսուռ կը պատճառեն, եւ որոնց պատասխանները չունինք մինչեւ այսօր։ Եւ կարծէք հպարգելք (tabou) մը կը տիրէ տակաւին այդ ժամանակաշրջանի եւ Խորէն կաթողիկոսի մասին համարձակ խօսելու շուրջ։
*
* *
Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, իր գահակալութեան շատ կարճ տարիներու (1995-99) առաջին գործերէն մէկը նկատեց իր եղերաբախտ նախորդին աճիւնները արժանավայել կերպով միւս հայրապետերու կողքին, Մայր տաճարի զանգակատան մօտը ամփոփել։ Այժմ հանգուցեալ Մեսրոպ արք. Աշճեանի՝ անոնց փոխադրութիւնը (translation) նկարագրող «Վերջի՞ն թաղումը» խորագրուած յօդուածէն իմացանք որ՝ ատենին Վազգէն Ա. կաթողիկոս, Խորէն կաթողիկոսի ոսկորները մայրապետերուն թաղած տեղէն հանել, եւ նոյն գերեզմանատան մէջ, աւելի յարմար դիրքի մը վրայ կրկին թաղել տուեր է, վրան ալ վայելուչ տապանաքար մը զետեղելով։ Երեւի դիւանագէտ եւ շրջահայեաց Վազգէն Ա. տակաւին ժամանակները հասունցած չէր համարած Մայր տաճարի կաթողիկէին տակ ամփոփելու համար…։ Մեսրոպ սրբազան կ՚ընդգծէր նաեւ Պէյրութի մէջ կաթողիկոսներու թաղման առթիւ համաժողովրդեան յուզումն ու շարժումը, զոր կը հակադրէր վաղարշապատցիներուն քար անտարբերութեան, որոնք ո՛չ միայն չէին մասնակցած նահատակ հայրապետի վերաթաղման թափօրին, այլեւ իրենց փռուած լուացքը նոյնիսկ չէին վերցուցած պատուհաններէն ու պատշգամներէն։ Եւ տակաւին ինչպէ՞ս չխօսիլ Հայաստանցիին ու Սփիւռքահայուն հոգեբանութեան ու բարքերու տարբերութեան մասին…։
Ինչպէ՞ս պիտի ոգեկոչուի Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. կաթողիկոսի եղերական մահուան 80-ամեակը։ Մինչեւ օրս, եկեղեցական իշխանութիւններու կողմէ (կաթողիկոսարաններ, թեմեր) ո՛չ մէկ պատգամի, հրահանգի մասին լսեցինք։ (Թող ներուի ինծի եթէ կը սխալիմ, հին մարդ եմ համացանց չունիմ)։ Որքան որ 80 տարի անցած է այդ տխուր օրերէն, եւ ականատես վկաներ ալ չեն մնացած, բայց գրաւոր վկայութիւններ կենալու են. եւ վայել է որ հատորով մը ամփոփուի եղերաբախտ հայրապետին անձը, ժամանակն ու գործունէութիւնը որ կարեւոր եղաւ, մա՛նաւանդ Ա. Հանրապետութեան օրերուն, որու 100-ամեակն է ի մօտոյ։
Ս. Պ.
Մարսիլիա
Յունուար 2018
«Նոր Յառաջ»