image

Մելպուռն. Մահացած է ՀՅԴ նուիրեալներէն Անուշաւան Մարտիրոսեան

Մելպուռն. Մահացած է  ՀՅԴ նուիրեալներէն Անուշաւան Մարտիրոսեան

Օրերս իր յառաջացեալ տարիքին  իր մահկանացուն կնքած է Աւստրալիոյ ՀՅԴ ընտանիքի  նուիրեալ  անդամներէն՝ Անուշաւան Մարտիրոսեանը։

Տխրունիին մասին «Արեւելք» իմացաւ Աւստրալիոյ ՀՅԴ կառոյցի  պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հանգուցեալին մասին հրապարակուած մահագրութիւնը՝

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն եւ Մելպուրնի «Ազատամարտ» Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նուիրեալ անդամ՝ ընկեր Անուշաւան Մարտիրոսեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի 19 Մարտ 2026-ին:

Ընկեր Անուշաւանի կեանքը` Դաշնակցութեան եւ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքի հայ գաղութին համար եղաւ համակ նուիրում ու զոհողութիւն:

Հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 27 Մարտ 2026-ին առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Մելպուռնի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Թաղման կարգը պիտի կատարուի ժամը 12-ին Bunurong Memorial Park գերեզմանատան մէջ (Seasons Section), որուն պիտի յաջորդէ հոգեսուրճ Հայ Կեդրոնէն ներս (8-14 Police Road, Springvale VIC 3171):

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները յայտնելու նորոգ հանգուցեալ ընկեր Անուշաւանի ընտանիքին, հարազատներուն, Մելպուռնի հայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն եւ ընկերուհիներուն: