image

Յայտնաբերուած է Արցախի «Կարմիր շուկայ» շրջանի օրերառաջ կորսուած բնակիչ՝ Վրէժ Պօղոսեանիի դին

Յայտնաբերուած է Արցախի «Կարմիր շուկայ» շրջանի օրերառաջ կորսուած բնակիչ՝ Վրէժ Պօղոսեանիի դին

Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայ համայնքի վարչական տարածքին մէջ յայտնաբերուած է նոյն համայնքի 48-ամեայ բնակիչ Վրէժ Պօղոսեանի դիակը՝ հրկիզուած վիճակի մէջ:

Նշենք, որ Վրէժ Պօղոսեանը շաբաթ երեկոյեան ժամը 23:00-ի սահմաններուն դուրս եկած էր տունէն եւ չէր վերադարձած:

Պօղոսեանի դին յայտնաբերուած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժնի ծառայողներու ձեռնարկած միջոցառումներու եւ որոնումներու շնորհիւ:

Դէպքի մանրամասները պարզելու առթիւ Արցախի քննչական կոմիտէի կողմէ կը կատարուի նախաքննութիւն: Ստուգմամբ կը զբաղուի ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը: