Սոյն թուականի 13 մարտին ժամը 14:45-ին, Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ Արթուր Կասպարեան դիմած է ոստիկանութիւն եւ յայտնած, որ իր կինը՝ Նունէ Կասպարեան (1972-ի ծնունդ) 11 մարտին ժամը 17:30-ի սահմաններուն դուրս եկած է տունէն եւ չէ վերադարձած:
Ըստ Արցախի ոստիկանութեան տեղեկութիւններուն, նախնական տուեալներով՝ անհետացման պատճառը կենցաղային հողի վրայ առաջացած վէճն է:
«Յարգելի քաղաքացիներ, խնդրում ենք Նունէ Կասպարեանի մասին տեղեկութիւն իմանալու դէպքում անյապաղ զանգահարել 1-02 կարճ հեռախօսահամարին, կամ դիմել ոստիկանութեան մօտակայ բաժին»,– ըսուած է Արցախի ոստիկանութեան տարածած հաղորդագրութեամբ: