image

Սահակ Բ. Պատրիարքի օրհնաբեր այցելութիւնը՝ Կեսարիա

Սահակ Բ. Պատրիարքի օրհնաբեր այցելութիւնը՝ Կեսարիա

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր օրհնաբեր ներկայութեամբ Կեսարիոյ մէջ տեղի ունեցած ուխտագնացութիւնը դարձաւ հոգեւոր վերանորոգման եւ ազգային յիշողութեան վերապրումի նշանակալից առիթ մը։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ գրաւող այս սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալները աղօթքով, մասնակցութեամբ եւ կենդանի ներկայութեամբ վերապրեցին իրենց կապը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ժառանգութեան հետ՝ հաստատելով ուխտագնացութեան խոր իմաստը որպէս հաւատքի եւ հոգեւոր որոնումի ճամբորդութիւն։

Ստորեւ այդ մասին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի դիմատետրեան էջով ներկայացուած մանրամասն հաղորդագրութիւնը՝ 

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը նախագահութեամբ սկսած Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը, 13 Մարտ 2026, Ուրբաթ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։

Քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատմական եկեղեցւոյ զանգը ժամը 09.15-ին աւետեց ժամերգութեան սկիզբը: Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ կանոնական ժամերգութիւն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի խոր վիրապ մուտքի տօնին առթիւ:

Ժամը 10.15ին ժամանեց Նորին Ամենապատուութիւնը։

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատրիարք Հայրը նախագահեց խորհրդարանէն մեկնած հանդիսաւոր թափօրին։

Տօնական Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան: Ներկայ էին Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան:

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Էրճան Սրկ. Քարափէքմէզ, Բրկ. Շահին Ճան Ուր. Դպ. Քալտըրըմ եւ Բրկ. Յովհաննէս Ուր. Դպ. Մուրատեան: Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ հրաւիրեալ դպիրներու եւ ուխտաւորներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպ. Պաղտասարեանի։

ՔԱՐՈԶ

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ եւ ուխտագնացութեան կարեւորութիւնը։ Անդրադարձաւ Հայոց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Կեսարիոյ եւ այս եկեղեցւոյ մեզի համար կարեւորութեան: Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց նաեւ, թէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Կեսարիան կարեւոր էր այն առումով, որ մեր հաւատքի հայրը՝ Սուրբ Գրիգոր սնած, մեծցած եւ Հայոց Մեծաց եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր այս քաղաքին մէջ. Այս քաղաքը յիշատակներ ունի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն եւ կը կրէ Հայոց Լուսաւորիչ Հայրապետի օրհնութիւնը։

Մեր Հոգեւոր Պետը խօսելով ուխտագնացութեան մասին, ըսաւ որ այդ մէկը պարզ ճամբորդութիւն մը չէ: Ճամբորդութիւն մըն է, որ կը սորվեցնէ թէ մենք ճամբորդներ ենք եւ պէտք է զԱստուած գտնենք, Աստուծոյ հետ յատուկ յարաբերութիւն ունենանք ու մեր սիրտերուն մէջ աղօթք ըլլայ:

Քարոզի աւարտին Պատրիարք Հայրը գնահատեց Զատիկ Թոքէրի ատենապետած Կեսարիոյ Ծխական Խորհուրդը, որ կը ջանայ եկեղեցին պայծառ պահել։

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Յաւարտ Ս. Պատարագի յատուկ կարգ կատարուեցաւ Կեսարիոյ պատմական թեմի հանգուցեալ առաջնորդներու, հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ այժմու ծխական խորհուրդի եւ ուխտաւորներու հանգուցեալ պարագաներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ (https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/2045444163034251

Պէտք է ըսել, թէ այս տարի ուխտաւորներու թիւը զգալիօրէն բարձր էր։ Ստանպուլէն ուխտաւորներ մեկնեցան Կեսարիա։ Զանազան քաղաքներէ ուխտաւորներ եւ այցելուներ ալ եկան միանալու աղօթանուէր ժողովուրդին, որ սիրտ սիրտի աղօթեցին աշխարհի խաղաղութեան համար։

ՄԵԿՆՈՒՄ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, հոգեւոր հայրեր եւ դպիրներ միջօրէին ցամաքի ճամբով մեկնեցան Հաթայ։ Իսկ մաս մը ուխտաւորներ տակաւ վերադարձան իրենց տուները, իսկ մաս մը շարունակեց իր ճամբան դէպի Հաթայ:

ՀԱԹԱՅ ԺԱՄԱՆՈՒՄ

Նորին Ամենապատուութիւնը ուշ երեկոյեան հասաւ Հաթայ եւ քաղաքի մուտքին դիմաւորուեցաւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի, Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի, Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեանի, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի, Իսկենտէրունի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ Եուսուֆ Թապաշի կողմէ:

Մեր Հոգեւոր Պետը առաջնորդուեցաւ Լատինաց Վանքը, ուր դիմաւորուեցաւ Անատոլուի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Անթուան Ըլկըթ Եպս.ի կողմէ:

Նոյն գիշեր Նորին Ամենապատուութիւնը, հոգեւոր հայրեր եւ դպիրներ սիրոյ սեղանով հիւրասիրուեցան Իսկենտէրունի Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդին կողմէ:

 

Լուսանկարներ՝ ԼՐԱԲԵՐ