image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմի Հայոց նոր նուիրատւութիւնը՝ Ստեփանակերտին

Երուսաղէմի Հայոց նոր նուիրատւութիւնը՝ Ստեփանակերտին

 

Երուսաղէմի միացեալ յանձնախումբը որոշած է ֆինանսաւորել Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Աւետիք Իսահակեանի անուան թիւ 10 հիմնական դպրոցի նախակրթարանի բաժնի վերանորոգման եւ նոր գոյքի ձեռքբերման ծախսերը: «Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեանէն։
Կը նշուի, որ սա Արցախի վերակառուցման մասնակցելու Երուսաղէմի Միացեալ Յանձնախումբի առաջին փուլի ծրագիրն է:
 Վերանորոգման ծախսը նախատեսուածի համաձայն պիտի կազմէ 11,281,308 դրամ, որմէ ետք 178 սան հնարաւորութիւն պիտի ունենայ սորվելու նախակրթարանին մէջ: