image

Արհ. Տ. Գէորգ արք. Նորատունկեանի մասնակցութիւնը Ն. Ս. Վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքի վերջին հրաժեշտին արարողութեան

Արհ. Տ. Գէորգ արք. Նորատունկեանի մասնակցութիւնը  Ն. Ս. Վրաց Իլիա Բ. Պատրիարքի վերջին հրաժեշտին արարողութեան

Խոր վշտի մթնոլորտի մէջ, Թիֆլիսը դարձաւ համաքրիստոնէական համախմբման կեդրոն՝ հրաժեշտ տալու Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ երկարամեայ հոգեւոր առաջնորդին՝ Նորին Սրբութիւն Իլիա Բ. Պատրիարքին։ Տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած եկեղեցական ու պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներկայութեան տեղի ունեցած թաղման արարողութիւններուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Գեւորգ Արքեպս. Նորատունկեան՝ ընդգծելով Հայ եւ Վրաց Եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական կապերն ու հոգեւոր համերաշխութիւնը։

2026 թուականի մարտ 17-ին ի Տէր հանգաւ Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Իլիա Բ.։ Վրաց Պատրիարքը ապրեցաւ 93 տարի՝ ըլլալով Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ամենաերկար գահակալը։ Ան ծառայեց 25 Դեկտեմբեր 1977 թուականէն մինչեւ իր վախճանը՝ 17 Մարտ 2026, շուրջ 49 տարի՝ գրեթէ կէս դար։ Թաղման եկեղեցական եւ պետական արարողութիւնները տեղի ունեցան 2026 թուականի մարտ 22-ին։ Նախ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ Թիֆլիսի Սուրբ Երրորդութիւն Մայր Տաճարին մէջ, ապա՝ Սիոնի Մայր Տաճարին մէջ։

Արարողութիւններուն մասնակցեցան Յունական, Ռուսական Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, վրաց պետական պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ։ Պաշտօնական թաղման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Գեւորգ Արքեպս. Նորատունկեան՝ ընկերակցութեամբ Վրաստանի աւագերէց Գերհ. Հ. Միքայէլ Ծ. Վրդ. Խաչկալեանի։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ Սուրբ Աթոռի Եկեղեցիներու Միութեան Վերատեսչութեան նախագահ Կարդինալ Քուրթ Քոխը, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Պապական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Արհ. Տ. Անտէ Եոզիչը՝ իր քարտուղար Ալեքսանդր Ռահինիայի հետ, եւ Կովկասի լատինածէս կաթողիկէներու առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Արհ. Տ. Ճուզեփպէ Պազոտտոն։ Արհ. Տ. Գեւորգ Արքեպս. Նորատունկեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հունական Տիեզերական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Բարդուղիմէոս Ա.ի հետ։

Արհ. Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ պաշտօնական հոգեճաշին, ուր մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեան, Վրաստանի նախագահը, վարչապետը, խորհրդարանի նախագահը եւ միջազգային եկեղեցական ու պետական պատուիրակութիւնները։

Ճաշի ընթացքին ընթերցուեցան պաշտօնական ցաւակցագիրները, որոնց շարքին էին Ն.Ս. Լեւոն ԺԴ. Պապին ուղերձը՝ ընթերցուած Կարդինալ Քոխի կողմէ, ինչպէս նաեւ Արհ. Տ. Գեւորգ Արքեպս. Նորատունկեանի ցաւակցագիրը, ուր կը նշուէր՝

«Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոտին,

Թիֆլիս, 18 մարտ 2026 թուականին

Խոր ցաւով ընդունեցինք Համայն Վրաց Ժողովուրդի Կաթողիկոս Պատրիարք Նորին Սրբութիւն Իլիա Բ.ի վախճանման լուրը։ Իր երկարամեայ պատրիարքական ծառայութեան ընթացքին ան յատկանշուեցաւ իր նուիրումով՝ առաջնորդելով Վրաց Եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ միասին՝ պատմականօրէն դժուար ժամանակներու միջով, եւ հաւատարմօրէն պաշտպանելով քրիստոնէական հաւատքը, որ դարեր շարունակ լուսաւորած է վրացական հողը։ Անոր հովուական ծառայութիւնը պիտի մնայ որպէս Եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատարմութեան, իր ժողովուրդին հանդէպ սիրոյ եւ արեւելեան քրիստոնէութեան հոգեւոր աւանդութեան նկատմամբ անխոնջ նուիրումի փայլուն վկայութիւն։

Այս վշտալի պահուն կը փափաքինք Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ անունով յայտնել մեր անկեղծ հոգեւոր մերձաւորութիւնն ու եղբայրական զօրակցութիւնը Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սինոտին, հոգեւոր դասին, վանական համայնքներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն։

Կ՚աղօթենք, որպէսզի Տէրը Իր Արքայութեան լոյսին մէջ ընդունի բազմավաստակ Պատրիարքը եւ վարձատրէ զայն՝ Եկեղեցւոյ եւ վրաց ժողովուրդին հանդէպ իր երկարամեայ ծառայութեան համար։

Կիսելով Վրաց Եկեղեցւոյ վիշտը՝ կը վստահեցնենք, թէ զինք կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ, որպէսզի Տէրը խաղաղութիւն եւ մխիթարութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք կը կիսեն անոր կորստեան ցաւը։

Ի Տէր մեր Յիսուս Քրիստոս՝ խոր միութեան զգացումով՝

Գեւորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեան
Առաջնորդ Կաթողիկէ Հայոց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի