ԱՄՆ Լոս Անճելոս քաղաքին մէջ 30 մայիսի առաւօտեան մեքենայութիւններու մեղադրանքով 8 հայ ձերբակալուած է: Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ Գաղտնի ծառայութեան եւ Ազգային անվտանգութեան վարչութեան Ներգաղթի եւ մաքսային օրէնքներու պարտադրման բաժնի պաշտօնական հաղորդման մէջ:
Հետաքննութեամբ պարզուած է, որ ձերբակալուածները իրական հայկական անձնագրեր ձեռք բերած են եւ, անոնց մէջ եղած լուսանկարները փոխարինելով սեփական լուսանկարներով, անձնագրերը օգտագործած են անոնց իրական տէրերու անունով դրամատնային հաշիւներ բանաելու համար:
Կեղծարարները խաբեութեամբ դրամատնային հաշիւներէն այլ հաշիւներու գումարներ փոխանցած են եւ Լաս Վեկասի քազինոներուն ու այլ վայրերու մէջ անմիջապէս կանխիկացուցած անոնք, այդպիսով Bank of America դրամատունէն մօտ 1,1 միլիոն տոլարի գումար գողնալով:
Մեղադրական եզրակացութեան մէջ ըսուած է, որ խաբեբաները ընդհանուր առմամբ 331 հայկական անձնագիր կեղծած են: Պաշտպանեալներէն 3-ի դէմ Wells Fargo դրամատնային ընկերութենէն համանման մեքենայութեան արդիւնքով մօտ 370 000 տոլար գողնալու մեղադրանք առաջադրուած է:
Ձերբակալուածներն են 48-ամեայ Արա Մալխասեանը, 38-ամեայ Սմբատ Խեչումեանը, 45-ամեայ Սվեթա Խեչումեանը, 30-ամեայ Յարութիւն Պետրոսեանցը, 34-ամեայ Արթուր Յարութիւնեանը, 38-ամեայ Խաչատուր Չոպանեանը, 49-ամեայ Ճիւան Հախնազարեանը եւ 37-ամեայ Արման Գրիգորեանը: Մեղադրեանլերէն եւս մէկը՝ 29-ամեայ Արտակ Օհանեանը, համաձայնած է յանձնուիլ դաշնային իշխանութիւններուն:
Յանցախումբի անդամներուն առաջադրուած մեղարդանքներով մինչեւ 30 տարուան ազատազրկում կը սպառնայ: Գործը կը քննուի ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի մեքենայութիւններու եւ ընդհանուր յանցանքներու բաժնի դատախազի կողմէ: