image
Հրատապ լուրեր:

Լիպիոյ բանակը կը շարունակէ մարտերը ՝ ՏԱՀԷՇ-ի դէմ

Լիպիոյ բանակը կը շարունակէ մարտերը ՝ ՏԱՀԷՇ-ի դէմ

«Ռոյթըրզ»ի փոխանցմամբ, լիպիական ուժերը շարունակած են յարձակումներ գործել «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման`Տահէշի դէմ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Քուտս», նշելով, որ վեց ամսուան արշաւէ ետք, լիպիական ուժերը, ամերիկեան օդուժին օժանդակութեամբ, յաջողած են ծայրայեղ միաւորման գրաւած տարածքը կրճատել՝ անոնց տիրապետութեան տակ թողելով Սերթ քաղաքի մօտ փոքր շրջանի մը միայն:

Լիպիական փաղանգներու խօսնակ՝ Մուհամմէտ Ալ Ղուսրի, Լիպիոյ հեռուստակայանէն յայտնած է, թէ գործողութիւններու դանդաղեցման հրահանգներ ստացած են, որովհետեւ գրաւեալ շրջանին մէջ տակաւին քաղաքացիներ, կիներ եւ երեխաներ կան, ինչպէս նաեւ Ափրիկէէն հասած գաղթականներ, որոնք կը փորձէին Եւրոպա հասնիլ:

Նշենք, որ Ափրիկէի մէջ Ամերիկայի ռազմական ղեկավարութիւնը նշած է, թէ ԱՄՆ, օգոստոսէն ի վեր, Սերթի մէջ իրականացուցած է շուրջ 420 օդային յարձակում: