Լիբանանեան բանակը մօտէն կը հետեւի Սայտա քաղաքի մէջ եղող պաղեստինեան գաղթակայաններու ընդհանուր իրադրութեան: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ, թէ անցեալ ամիսներուն Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տասնեակ զինեալներ տեղակայուած են այդ գաղթականներուն մէջ: Աղբիւրը, որ նաեւ կապ հաստատած է պաղեստինեան «Ֆաթհ» շարժումի մէկ պատասխանատուին հետ, որ կը տեղեկացնէ, թէ Տահէշի շուրջ 20 զինեալներ Իրաք մեկնած ու հոն անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են: «Ալ Ժատիտ» նաեւ կը փոխանցէ, որ հակառակ ներկայ անդորրին, գաղթակայանները կը շարունակեն մնալ ապահովական մարմիններու մտահոգութեան գլխաւոր առանցքը եւ այս առումով բանակի պատասխանատու մարմիներ սերտ համագործակցութեան մէջ են «Ֆաթհ» շարժումի պատասխաատուներուն հետ: