image

Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները Տահէշի բո՞յն

Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները  Տահէշի բո՞յն

Լիբանանեան բանակը մօտէն կը հետեւի  Սայտա  քաղաքի մէջ եղող պաղեստինեան  գաղթակայաններու ընդհանուր իրադրութեան: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ»  կայանը, որ նաեւ կը հաղորդէ,  թէ    անցեալ  ամիսներուն Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տասնեակ զինեալներ    տեղակայուած են այդ  գաղթականներուն մէջ: Աղբիւրը, որ նաեւ   կապ հաստատած  է  պաղեստինեան  «Ֆաթհ»  շարժումի  մէկ պատասխանատուին հետ, որ կը տեղեկացնէ, թէ   Տահէշի շուրջ    20 զինեալներ    Իրաք  մեկնած ու հոն  անձնասպանական  գործողութիւններ կատարած են:   «Ալ Ժատիտ» նաեւ կը փոխանցէ, որ հակառակ ներկայ անդորրին,  գաղթակայանները կը շարունակեն մնալ ապահովական մարմիններու մտահոգութեան գլխաւոր առանցքը եւ այս առումով    բանակի  պատասխանատու  մարմիներ սերտ համագործակցութեան մէջ են   «Ֆաթհ»  շարժումի   պատասխաատուներուն հետ: