image

Լիբանանի Մէջ 100 Երեխաներու Հաւաքական Մկրտութիւն Պիտի Կատարուի

Լիբանանի Մէջ 100  Երեխաներու Հաւաքական  Մկրտութիւն   Պիտի Կատարուի

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Լիբանանի  առաջնորդարանը  իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով      նախաձեռնած է    100 երեխաներու մկրտութեան   արարողութիւն:  Այս մասին կը տեղեկացնէ    Առաջնորդարանի     Ֆէյսպուքեան էջը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցին     միջոցառումներու ընդհանուր շրջանակին մէջ  կայացուելիք   հոգեշնորհ  այս  արարողութեան   համար պիտի  օգտագործուի վերջերս Պիքֆայայի մէջ            օրհնուած      սրբալոյս միւռոնը:   Մկրտութեան  հաւաքական  արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ    Կիրակի օր  (25 Հոկտեմբեր) Լիբանանի     Հայ առաքելական  եկեղեցիներուն մէջ: