Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Լիբանանի առաջնորդարանը իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով նախաձեռնած է 100 երեխաներու մկրտութեան արարողութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Առաջնորդարանի Ֆէյսպուքեան էջը: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին միջոցառումներու ընդհանուր շրջանակին մէջ կայացուելիք հոգեշնորհ այս արարողութեան համար պիտի օգտագործուի վերջերս Պիքֆայայի մէջ օրհնուած սրբալոյս միւռոնը: Մկրտութեան հաւաքական արարողութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ Կիրակի օր (25 Հոկտեմբեր) Լիբանանի Հայ առաքելական եկեղեցիներուն մէջ: