image

Լիբանանահայ Երգիչը «Տէր Ողորմիա» Երգած է Լոլա Ուզունեանի Յիշատակին (Լուսանկար)

Լիբանանահայ Երգիչը  «Տէր Ողորմիա»  Երգած է Լոլա  Ուզունեանի Յիշատակին (Լուսանկար)

Լիբանանահայ երգիչ Արարատ Ահարոնեան երէկ այցելած է Փարիզի «Հանրապետութեան հրապարակ»` յարգելու համար յիշատակը՝ անցնող  Նոյեմբերին Փարիզը ցնցած ահաբեկչութեան զոհերուն: Ան   զոհերու յիշատակին եղած պատուանդանին մօտ  աղօթելէ ետք բարձրաձայն երգած է «Տէր Ողորմիա»ն: Նշենք, որ  Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն մէջ էր նաեւ հայազգի Լոլա Ուզունեանը: Երիտասարդուհին,  իր  հօր հետ     ներկայ եղած էր  «Պաթագլան» համերգասրահին մէչջ տեղի ունեցող համերգին եւ   դէպքէն  օրեր ետք   ապահովական մարմիններ  յաջողած էին գտնել անոր դին: Նշենք,  որ լուսանկարները կը պատկանին     «Երիտասարդութեան  ձայնը»  օնլայն- ռատիօկայանին    սեփականատէր Գէորգ Տէրտէրեանի  ոսպնեակին: