Լիբանանի Աքքար գաւառակին մէջ անծանօթներ պղծած են քրիստոնեաներու պատկանող գերեզմանատուն մը։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց VDL կայանը նշելով նաեւ, որ անծանօթներ պղծած են Աքքար շրջանին Մընճէզ գիւղի գերեզմանատունը։
Շրջանի ոստիկանութիւնը քննութիւն բացած է եղելութեան վերաբերեալ։