Լիբանանի մէջ կրթական բոլոր հաստատութիւնները մէկ շաբաթով փակուած պիտի մնան։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ։
Աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ Լիբանանի կրթական բոլոր հաստատութիւնները մինչեւ մարտը փակ պիտի պահեն իրենց դռները եւ պատճառն անշուշտ «Քորոնա» վարակի տարածման վտանգն է ու առհասարակ այդ հիւանդութեան հետ առկայ մտավախութիւնները։
Նշենք, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» վարակով բռնուածներուն թիւը հասած է 4-ի։