«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ՝ Բակօ Սահակեանին հետ մեր ունեցած հանդիպման ընթացքին այլ խնդիրներու կողքին, մասնաւորապէս քննարկեցինք Արցախի սահմանային բնակավայրերու հարցը»,- «Արեւելք»ին ըսաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Համբիկ Սարաֆեան: Սարաֆեան նաեւ նշեց, որ ինչ ալ ըլլան Արցախեան հիմնախնդրի լուծման տարբերակները, սահմանային համայնքներու եւ գիւղերու բարելաւման եւ ամրացման հարցը պէտք է մնայ հայրենի եւ սփիւռքեան մարմիններու ուշադրութեան կեդրոնը: «Մենք կը գիտակցինք, որ Արցախի սահմանները պահպանող մեր հերոսական բանակը պէտք է ունենայ ամուր թիկունք եւ բարօր ու ապահով պայմաններու մէջ ապրող բնակչութիւն»,- դիտել տուաւ Սարաֆեան, առաջարկելով, որ «Արցախի վերաբնակեցման ամրապնդման համար հարկաւոր է ստեղծել համահայկական մարմին մը, որուն հիմնական աշխատանքը պիտի ըլլայ հայութեան միասնական բոլոր ջանքերը ծառայեցնել սահմանային գօտիներու մօտ եղող շրջաններու բարգաւաճման եւ զարգացման ի խնդիր»: Յիշեցնենք, որ 18 սեպտեմբերին ԼՂ Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած էr Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի: Հանդիպման քննարկուած էին Արցախի ներքին եւ արտաքին հարցերը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն առնչուող շարք մը հարցեր: ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւորած էր աւանդական կուսակցութիւններուն հետ սերտ փոխգործակցութիւնը՝ այն համարելով պահանջուած եւ կարեւոր համազգային խնդիրներու լուծման համար:
