image

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան յաղթահարման պայմանները դեռ չեն ստեղծուած. Քերի

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան յաղթահարման պայմանները դեռ չեն ստեղծուած. Քերի

ԱՄՆ պետական քարտուղար Ճոն Քերիի  «Washington Ideas» համաժողովին ընթացքին յայտնած է այն կարծիքը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան յաղթահարման պայմանները դեռ չեն ստեղծուած: Այս մասին հաղորդում տարածուած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան կայքով: Քերիի համաձայն` «Այսօրուան աշխարհին մէջ կան որոշ սառեցուած հակամարտութիւններ, (ներառեալ) Լեռնային Ղարաբաղը», որոնց մէջ այժմ չ'երեւիր կարգաւորման հնարաւորութիւն, նախ եւ առաջ «որովհետեւ առաջնորդները պատրաստ չեն»:

Մինչդեռ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը այդ տեսակին չի վերաբերիր, կը կարծէ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան ղեկավարը:

Անոր խօսքով` նման հակամարտութիւնները «բարդ են, բայց կարելի է տեսնել» զանոնք անցեալին ձգելու միջոցներ, «եթէ մարդիկ ընդունէին որոշակի համալիր լուծումներ»:

«Ես կը կարծեմ, որ իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութիւնը կը մտնէ այդ խումբին մէջ»,- ընդգծած է Քերի: