image

Կիւլէնականներու հետ կապ ունենալու մեղադրանքով Իզմիրի մէջ ոստիկանապետ մը ձերբակալուած է

Կիւլէնականներու հետ կապ ունենալու մեղադրանքով Իզմիրի մէջ ոստիկանապետ մը ձերբակալուած է

Պոլսոյ Հանրապետական դատախազութեան կողմէ կատարուող հետաքննութեան արդիւնքով կիւլէնականներու հետ կապ ունենալու կասկածանքով Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի մէջ ձերբակալուած է Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Հուսէյն Չափքընը: Այս մասին կը հաղորդէ «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը, նշելով որ Չափքընի հետ միասին ձերբակալուած են 1 նահանգապետ եւ 2 գաւառապետ:

Աւելի շուտ նոյն հետաքննութեան ծիրէն ներս ձերբակալուած էին Պոլսոյ նահանգապետ Հուսէյն Աւնի Մութլուն եւ այլ  12 անձեր: