image

Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի ուշագրաւ կեցուածքը. «Չէզոք մնալ չի նշանակեր համաձայն ըլլալ Սուրիան հարուածելու»

Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրիի ուշագրաւ կեցուածքը. «Չէզոք մնալ չի նշանակեր համաձայն ըլլալ Սուրիան հարուածելու»

Խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի  «Ալ-Ախպար»ին յայտնած է, որ «Լիբանանը կը մերժէ Սուրիոյ դէմ յարձակումը, որ կը նախատեսեն շարք մը արեւմտեան երկիրներ, եւ կը դրդեն ու կը ֆինանսաւորեն արաբական երկիրներ»:

 

Պըրրի ընդգծած է, որ «Լիբանանի օդային տարածքի որեւէ օգտագործում կոպիտ խախտում է Լիբանանի ինքնիշխանութեան, եւ Լիբանանը չի կրնար ընդունիլ, որ իր օդային տարածքը օգտագործուի Սուրիոյ կամ որեւէ այլ քոյր երկրի վրայ յարձակելու ժամանակ», աւելցլելով, որ « Չէզոքութիւն որդեգրելու քաղաքականութիւնը չի նշանակեր արաբական հողերու ռմբակոծումը եւ Լիբանանի օդային տարածքի օգտագործումը ընդունիլ»:  Ան ըսած է նաեւ, որ « Չէզոքութեան ջատագովները այս պարագային կը նպաստեն Սուրիոյ դէմ եղած թշնամութեան»:

 

Յիշեցնենք, որ Վարչապետ Սաատ Հարիրին ընդգծած էր, որ «Լիբանանը Սուրիոյ դէմ ամերիկեան հնարաւոր հարուածին հանդէպ հաւատարիմ կը մնայ չէզոքութեան քաղաքականութեան», ըսելով, որ «Մեր դիրքորոշումը յստակ է եւ մեր պարտականութիւնն է չէզոքութիւն որդեգրելու քաղաքականութեամբ մեր երկիրը զերծ պահել տարածաշրջանի մէջ կատարուող զարգացումներու վտանգներէն»: