image

Կազայի սահմանին երէկ ծանր օր էր. Զոհերու թիւը անցած է 10-ը, իսկ վիրաւորներունը՝ 1000-ը

Կազայի սահմանին երէկ ծանր օր էր. Զոհերու թիւը անցած է 10-ը, իսկ վիրաւորներունը՝ 1000-ը

Երէկ 3 ապրիլին, երկրորդ ուրբաթը ըլլալով, Կազայի եւ գրաւեալ հողերու միջեւ բաժնող փշալարերուն մօտ պաղեստինցի ցուցարարներու եւ իսրայէլեան բանակի միջեւ սուր բախումներ արձանագրուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Lebanon 24»ը, յիշեցնելով, որ այս բողոքի շարժումը սկիզբ առած էր անցեալ ուրբաթ՝ «Մեծ վերադարձի երթ» խորագրով:

«AFP»-ի համաձայն, Կազայի արեւելեան կողմը հաւաքուած ցուցարարները փշալարերէն 10 մեթր հեռաւորութեան վրայ անիւներ այրած են՝ խափանելու համար իսրայէլեան բանակի դիպուկահարներու տեսողութիւնը եւ քարեր արձակած են անոնց ուղղութեամբ, մինչ իսրայէլեան բանակը կրակ բացած է ցուցարարներուն վրայ եւ տասնեակ արցունքաբեր ռումբեր արձակած է:

Առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, իսրայէլեան ուժերու փամփուշտով երկու պաղեստինցիներ սպաննուած են Խան Եունէսի մէջ: