image

Կարօ Փայլանի ճամբորդութեան դէմ արգե՞լք

Կարօ Փայլանի ճամբորդութեան  դէմ արգե՞լք

Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի  փոխանցմամբ, Թուրքիոյ պետական  մարմիններ արգելք դրած են HDP կուսակցութեան հայազգի  երեսփոխան   Կարօ Փայլանի    ճամբորդութեան դէմ:  Արաքս, որ  այս մասին «Արեւելք»ին   լուր փոխանցեց, նաեւ ըսաւ, որ Փայլան կը պատրաստուէր ընդառաջել Ֆրանսայի հայկական  համայնքի  հրաւէրին եւ յատուկ այցով ճամբորդել  Մարսէյլ, ստիպուած եղած է յետաձգել, իր  ճամբորդութիւնը` իմանալէ ետք  այդ առումով դրուած  արգելքներուն  մասին:  Արաքս  յայտնեց, որ   ճամբորդութեան այս  արգելքը դրուած է, ոչ  միայն Փայլանին,  այլ HDP-ի անդամ այլ երեսփոխաններուն դէմ: Յիշեցնենք, որ անցեալ ուրբաթ  օրունընէ ի վեր երկրին մէջ լարուածութիւն մը երեւելի դարձած է    իշխանութիւններուն HDP-ի անդամ 11 երեսփոխաններու ձերբակալման վերաբերեալ հրապարակուած որոշումէն ետք: