Պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքսի փոխանցմամբ, Թուրքիոյ պետական մարմիններ արգելք դրած են HDP կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի ճամբորդութեան դէմ: Արաքս, որ այս մասին «Արեւելք»ին լուր փոխանցեց, նաեւ ըսաւ, որ Փայլան կը պատրաստուէր ընդառաջել Ֆրանսայի հայկական համայնքի հրաւէրին եւ յատուկ այցով ճամբորդել Մարսէյլ, ստիպուած եղած է յետաձգել, իր ճամբորդութիւնը` իմանալէ ետք այդ առումով դրուած արգելքներուն մասին: Արաքս յայտնեց, որ ճամբորդութեան այս արգելքը դրուած է, ոչ միայն Փայլանին, այլ HDP-ի անդամ այլ երեսփոխաններուն դէմ: Յիշեցնենք, որ անցեալ ուրբաթ օրունընէ ի վեր երկրին մէջ լարուածութիւն մը երեւելի դարձած է իշխանութիւններուն HDP-ի անդամ 11 երեսփոխաններու ձերբակալման վերաբերեալ հրապարակուած որոշումէն ետք: