image

Կարօ Փայլանի կոչը՝ «Փակեցէք դպրոցները»

Կարօ Փայլանի կոչը՝ «Փակեցէք դպրոցները»

 

Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը արձագանգած է Թուրքիոյ մէջ «քորոնա» ժահրի առաջին դէպքի գրանցման  վերաբերեալ։

Կարօ Փայլան Twitter–ի իր էջին պատկան մարմիններուն կոչ ըրած է «քորոնա» ժահրի տարածման դէմ առնելու եւ քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ապահովելու համար 15 օրով դադրեցնել մանկապարտէզներու աշխատանքը եւ դպրոցներու ու ԲՈՒՀ–երու դասերը։

Նշենք, որ 11 մարտին Թուրքիոյ մէջ առողջապահութեան նախարարը յայտնած էր «քորոնա» ժահրով վարակման առաջին դէպքը Թուրքիոյ մէջ։