Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ միջազգային լրահոսին գլխաւոր թեման Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ձերբակալութիւններն են: Աւելի վաղ հաղորդած էինք, որ Թուրքիոյ ապահովական մարմիններ, խուզարկումներ իրականացնելէ ետք ձերբակալած են քրտամէտ HDP-ի 11 երեսփոխաններ, որոնց կարգին կուսակցութեան համանախագահներ՝ Սալահ Էլ Տին Տէմիրթաշն ու Վիկէն Եուքսէքտաղը: «Արեւելք» այս առումով կապ հաստատեց Պոլսոյ իր աղբիւրին հետ, որուն փոխանցմամբ հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանի անունը չկայ ձերբակալեալներուն մէջ: Նշենք, որ այս մասին նոյնպէս գրառում կատարած է պոլսահայ լրագրող Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս եւ Փայլանի օգնականներէն Թամար Նալճը: Իր կարգին HDP կուսակցութիւնը Twitter–եան իր էջով միջազգային հանրութիւնէն պահանջած է միջամտել՝ տեղի ունեցածը համարելով անընդունելի: