Լիբանանի ապահովական մարմինները եւ յատկապէս Ներքին Գործոց նախարարութեան «Տեղեկահաւաքի բաժանմունք»ը յաջողած են վիժեցնել Աւստրալիայէն դէպի Ապու Տհապի ուղեւորուող օդանաւի մը պայթեցման ծրագիրը: Այս մասին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Նուհատ Ալ Մաշնուք: Մաշնուք բացայայտեց, որ Լիբանանի մարմինները անցնող երեք տարիներուն ընթացքին կը հետեւէին Թարէք Ալ Խայաթ անունով լիբանանցիի մը, որ անդամ էր «Տահէշ» խմբաւորման եւ անոր եղբայրները կը գտնուէին Ռաքքա: Յետ հետախուզական աշխատանքներու մարմիները անցեալ յուլիսին յաջողած են բացայայտել Խայաթի կողմէ կարգադրուած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ պիտի երթային Աւստրալիայէն Ապու Տհապի ուղեւորուող լիբանանցիներ: Լիբանանցի նախարարը նաեւ ըսաւ, որ ահաբեկչութիւնը պիտի կատարուէր Իմարաթեան օդանաւային ընկերութեան մը պատկանող օդանաւի մը մէջ եւ ահաբեկիչները նպատակ ունէին այդ կերպ յատուկ «պատգամ» մը փոխանցել Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց իշխանութիւններուն:
Նախարար Մաշնուք նաեւ դիտել տուաւ, որ Լիբանանի ապահովական մարմինները հետամուտ են նոյն ոճով եւ արթնութեամբ շարունակել իրենց պայքարը բոլոր ահաբեկիչներուն դէմ: