image

Պարծանք եւ դաժան ճակատագիր. Ալեքսը որոշած էր ծառայութենէն ետք ալ ապրիլ Հատրութի մէջ (Տեսանիւթ)

Պարծանք եւ դաժան ճակատագիր. Ալեքսը որոշած էր ծառայութենէն ետք ալ ապրիլ Հատրութի մէջ (Տեսանիւթ)

News.am կայքէն կը կարդանք թէ 19-ամեայ Ալեքսանը կ'ուզէր ծառայութիւնը աւարտելէն ետք ապրիլ եւ աշխատիլ հայրենի Հատրութի Ազոխ գիւղին մէջ. Ալեքսանը նահատկուեցաւ կռիւի երկրորդ օրը իսկ հայրենի գիւղն ու տունը պատերազմի ընթացքին անցան Ատրպէյճանին։

Անհասցէ մնացած Մարտիրոսեանները միակ արու զաւակի՝ Ալեքսանի մարմինը գտան ու «Եռաբլուր»ի մէջ հողին յանձնեցին միայն 45 օր անց։

Տունն ու հողը կորսնցուցած հայրը՝ Գրիման, այժմ կարգի կը բերէ «Եռաբլուրի» հարիւրաւոր թարմ շիրիմներուն մէջ որդւոյն փոքրիկ հողակտորը։

Գրիման ալ այս պատերազմին մասնակցած է, բայց Մարտակերտ ծառայող որդիէն քիլոմեթրեր հեռու՝ Հատրութի առաջնագիծին վրայ։ Յարձակման առաջին օրը որոշած է տեղափոխուիլ որդւոյն մօտ, սակայն մինչ այդ, ստացած է Ալեքսանի մահուան լուրը։

«Առաջին օրը, որ կռիւը սկսած է, առաւօտեան մինչեւ ժամը 5 կռուած են, հրամանատարը ըսած է, երկու ժամ գացէք, հանգստացէք, նորէն կը կռուիք։ Նոյն օրը ամբողջ օրը ուզած եմ խօսիլ հետը, չեմ կարողացած։ Իրիկունը զանգեց, հարցուցի ինչու չես խօսիր, բան մը ըսէ, ըսաւ ամէն ինչ լաւ է, դուք ալ այդտեղ լաւ պահեցէք, ես լաւ եմ։ Ուզում էի երթալ, իր կողքը ըլլալ, օգնել, բայց չկարողացայ, յաջորդ օրը լսեցի, որ Ալեքսը չկայ»,-  կ'ըսէ Գրիմա Մարտիրոսեանը՝ տեղաւորելով որդւոյն հողաթումբը ամրացնելու համար բերած քարերը։

Ալեքսանը հերոսի պէս կռուած է. հրամանատարը հօրը պատմած է. «Ըսաւ թէ՝ պարտաճանաչ երեխայ էր, նմանը չկար, բոլորս կը սիրէինք զինք, կայծակի պէս կ'աշխատէր, ինչ կ'ըսէի, ամէնէն առաջինը ինքն էր, ամէն ինչ կու գար ձեռքէն։ Վարորդներուն մէջ ալ ամենալաւը ինքն էր, ինքնաշարժը եթէ պէտք էր տեղաշարժէինք, իրեն կ'ըսէինք»։

Ալեքսանը համավարակի պատճառով 8 ամիս արձակուրդի չէր գացած, ամբողջ ընթացքին ընտանիքը մէկ անգամ կրցած էր այցելել զինք։ Թէ ինչ նպատակներ ունէր եւ ինչ կը մտածէր ընել, հայրը ինքն ալ չէր հասցուցած իմանալ։ Որդին հրամանատարին հետ այդ մասին խօսած է ։

«Ըսած է պիտի երթամ տուն, տեղ մը պիտի չերթամ բացի գիւղէն, այնտեղ պիտի ապրիմ մեր ունեցուածքով։ Ամէն ինչ ունինք՝ սարքեր, ինքնաշարժ, հողամաս»,- կը պատմէ հայրը։

Ալեքսանի ընտանիքի ունեցուածքէն ոչինչ մնացած է, Մարտիրոսեաններու 4 հոգինոց ընտանիքը՝ հայր, մայր, երկու դուստր, ապաստանած են Հայաստան՝ բարեկամներէն մէկուն տունը։

Ալեքսան նահատակուեցաւ՝ չտեսնելով իր տան ու հայրենիքի կորուստը, ու կռուեցաւ՝ յաղթանակին այլընտրանք չտեսնելով։