Սրտի խոր ցաւով տեղեկացայ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի մահուան մասին:
Տասնամեակներ շարունակ Մեսրոպ արք․ Մութաֆեանը ուսերուն կը տանէր իր ժողովուրդին եւ հաւատքին ծառայելու խաչը: Ան ոչ միայն Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հաւատարիմ սպասաւորներէն էր, այլեւ, որպէս Պոլսոյ հայոց 84–րդ պատրիարք, Հայաստանէն դուրս գտնուող մեր հոգեւոր սիւներէն մէկը, որուն վրայ կը յենէր ամբողջ ստուարաթիւ համայնք՝ իր լեզուապահպանութեան ու հաւատապահպանութեան խնդիրներով:
Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը քրիստոնէական հաւատքի նուիրեալ էր, որ հոգեւոր յանձնառութիւնը վերածեց սրբազան պարտքի առ ժողովուրդ եւ առ Աստուած: Ան պոլսահայ համայնքի նոր պատմութեան անբաժանելի մասն էր:
Ջերմութեամբ կը յիշեմ մեր հանդիպումները Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, մեր զրոյցները հայոց եկեղեցւոյ եւ մեր պատմութեան շուրջ:
Այս ծանր կորուստի կապակցութեամբ անկեղծօրէն կը ցաւակցիմ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, միաբանութեան, կրօնական ժողովին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն եւ համայն Թուրքիոյ հայութեան:
Իմ խորին վշտակցութիւնը կը յայտնեմ նաեւ Մեսրոպ արք․ Մութաֆեանի հարազատներուն ու մերձաւորներուն: