Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի AKP կուսակցութեան գլխաւոր կեդրոնատեղիին վրայ գրանցուած է կրակոց: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ առաջին անգամը չէ, որ նման դէպք կը պատահի Թուրքիոյ «ազգայնականներու բոյն» համարուող Իզմիրի մէջ: Նշենք, որ Իզմիր կը համարուի թրքական ընդդիմադիր համարուող CHP եւ MHP ոչ կրօնական կուսակցութիւններու կարեւոր քաղաքներէն մին: