Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ ձերբակալուած է Բէթքիմ ընկերութեան նախկին տնօրէնը: Սահըտ Ալ Տին Քօրքիւթ , որ յայտնի գործարար է ձերբակալուած է 15 յուլիսին եղած ձախող յեղաշրջման մասնակցելու մեղադրանքով: Կը նշուի նաեւ, որ Քօրքիւթի կողքին ձերբակալուած են 25 անձեր, որոնք նոյնպէս կը մեղադրուին Կիււլէնի «զուգահեռ պետութեան» անդամակցելու մեղադրանքով: Այս մասին լուր կը փոխանցէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը նշելով նաեւ, որ ձերբակալեալներուն մէջ կան Իզմիրի մէջ ապրող ազրպէյճանցի յայտնի գործարարներ: