Երէկ գիշեր Իզմիրի մէջ ձերբակալուած են երկու Թուրքիոյ քաղաքացի լրագրողներ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդող աղբիւրներ կը նշեն, որ ձերբակալեալ լրագրողները տարուած են Թուրքիոյ պետական մարմիններուն կողմէ վերջերս գործի դրուած «հակահաբեկչկան մարմնի» հարցաքննութեան կեդրոն: Կը նշուի նաեւ, որ Տէնիզ Պաքիր «Աթըլըմ» պարբերականի խմբագիրն է մինչ Րատուան Քոշքուն «Էտքինօ լրատու գործակալութեան կարեւոր դէմքերէն մէկն է:Յիշեցնենք, որ միջազգային կառավարական տասնեակ NGO-ներ եւ հիմնարկներ ազդարարագիր- հաղորդագրութիւններ կը հրապարակեն, Թուրքիոյ մէջ անցնող 15 յուլիսէն ի վեր անկում ապրող խօսքի ազատութեան եւ մամուլի դէմ եղած մտածուած ու բացայայտ սեղմումներուն մասին: