Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Երբ ատրպէյճանական բանակը գովազդային տեսահոլովակով կը ցուցադրէր 2017 Սեպտեմբեր 18էն 22 տեղի ունեցած զօրավարժութիւններու ժամանակ իր կիրարկած զինատեսակները, դիտորդները նկատեցին չեխական արտադրութեան ռազմական արհեստագիտութիւն, ընդ որում՝ 18 քմ հեռահարութիւն ունեցող «Տանա» ինքնագնաց «հաուպիս»ներ եւ 20 քմ հեռահարութիւն ունեցող Rm-70 հրթիռային կայանքներ:
Սկիզբը յայտնի չէր, թէ այդ զէնքները ինչպէս հասած էին Պաքու՝ հաշուի առնելով, որ Չեխիոյի Հանրապետութիւնը որեւէ թոյլտուութիւն չէր տուած իր արտադրողներուն՝ նմանօրինակ զէնք վաճառելու Ատրպէյճանին: Համաձայն Չեխիոյ օրէնսդրութեան՝ արտաքին գործերու, պաշտպանութեան եւ ներքին գործերու նախարարութիւնները պէտք է հաստատեն արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի նախարարութեան առաջարկած զէնքի վաճառքի վերաբերեալ դիմումները:
Միաժամանակ, Եւրոմիութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) յանձնարարած են, որ իրենց անդամ երկիրները զէնք չմատակարարեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի՝ Արցախեան հակամարտութեան պատճառով:
Ասկէ բացի, Ատրպէյճանի զէնքի վաճառքը կրնայ խախտել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կողմէ 1993 թուականի Յուլիս 29-ին ընդունուած 853 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ընէր անդամ պետութիւններուն «ձեռնպահ մնալ մատակարարելէ որեւէ տեսակի զէնք եւ զինամթերք, որոնք կրնան յանգեցնել [Ղարաբաղեան] հակամարտութեան խորացման եւ տարածքներու շարունակական գրաւման»: Արդէն քանի մը երկիրներ խախտած են Անվտանգութեան խորհուրդի այս բանաձեւը, ներառեալ՝ Իսրայել, Թուրքիա, Ռուսաստան, Ուքրանիա եւ Փաքիստան:
Իբրեւ պատասխան՝ Չեխիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Եան Պէյշէք յայտարարած է, որ «Նախարարութիւնը չէ հաստատած զէնքի որեւէ տեսակի արտահանում դէպի Ատրպէյճան»: Մինչդեռ Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Իռէն Վալենտովա Պրահայի Daily Monitor-ին ըսած է, որ «թոյլտուութիւն չէ տրուած ռազմական արհեստագիտութեան դէպի Ատրպէյճան արտահանման, իսկ 2016-2017ին մերժուած են արդիականացուած «Տանա Մ1» «հաուպիս»ներու եւ RM-70 հրթիռային կայանքներու արտահանման որոշ արտօնութիւններ, եւ Եւրոպական Միութեան գործընկեր երկիրները տեղեակ պահած են այդ մերժումէն»:
2016 թուականին «Ատրպէյճան Չեխիոյ Հանրապետութենէն գնած է մէկ միլիոն եւրօ արժողութեամբ ոչ մահացու զէնք, որ երեք անգամ քիչ է՝ երեք տարի առաջ ձեռք բերուածէն», կը հաղորդէ Hospodarske Noviny թերթը:
Նախապէս, երբ Ատրպէյճան փորձած է զէնք ներածել Չեխիայէն, ռազմական այսպիսի առաքումներու համար թոյլտուութիւնը մերժուած է:
Պրահայի Daily Monitor թերթը հաղորդած է, որ «Չեխիոյ իշխանութիւններն ու գաղտնի ծառայութիւնները կ՛ուսումնասիրեն, թէ չեխական զէնքերը ինչպէ՞ս հասած են ... Կովկաս»:
Միեւնոյն ժամանակ, Slovak Spectator 2018ի Ապրիլ 17ին բացայայտած է, որ «Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլավայի օդակայանը օգտագործուած է որպէս տարանցիկ կէտ՝ չեխական հրթիռային կայանքները եւ «հաուպիս»ները մաքսանենգ ճանապարհով Ատրպէյճան հասցնելու համար...: Կը հաղորդուի, որ զէնքը արտադրուած է Czechoslovak Group Holdingի կողմէ, որուն սեփականատէրը չեխ գործարար Եարոսլաւ Սթրնատն է, ըստ Չեխիոյ հեռատեսիլին...: Սլովաքեան զէնքի արտադրութեան MSM ընկերութեան աշխատակիցներէն մէկը պատմած եւ նկարագրած է, թէ ինչպէս հին զէնքերը վերանորոգուած են Սլովաքիոյ Թրենչին քաղաքի իրենց գործարանին մէջ, իսկ յետոյ Իսրայէլի միջոցով տեղափոխուած Ատրպէյճան, կը հաղորդէ TASR:
MSM ընկերութեան պաշտօնեան Սլովաքիոյ TASR լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ՝ Չեխական հեռատեսիլի ընկերութեան լրագրողներուն ըսած է. «Ամբողջ գործընթացը կը սկսի «Տանա» տեսակի հին «հաուպիս» բերելով, որ ընկերութեան կողմէ մասերու կը բաժնուի...: Նոր սարքաւորումները, ներառեալ՝ նաւարկումի, տեսախցային եւ կապի համակարգեր, կը ղրկուին Իսրայէլէն, աւելցուցած է պաշտօնեան: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք պայմանագիր ստորագրած են 18 «հաուպիս» եւ 15 հրթիռային կայանք այս տարի, եւ նոյն քանակութեամբ յաջորդ տարի մատակարարելու գծով...: Ընկերութիւնը հաստատած է «Տանա Մ1» եւ RM-70 համակարգերու մատակարարումը Իսրայէլի»:
Slovak Spectator «նոյնիսկ արձանագրած է զէնքի նման տեղափոխում տեսախցիկներու միջոցով», ինչ որ կը հաստատէ զէնքի առաքումը Իսրայէլ եւ հոնկէ մաքսանենգ ճանապարհով դէպի Ատրպէյճան: «Հրթիռի մը տեղափոխումը իրականացած է 2017 Դեկտեմբեր 27ին Թրենչինէ դէպի Պրաթիսլավայի օդակայան, ուր անիկա տեղափոխուած է ատրպէյճանական օդանաւային ընկերութիւններու պատկանող Silk Way օդանաւով: Այնուհետեւ օդանաւը մեկնած է Թել Աւիւ՝ Իսրայէլ, ուր կը գտնուի «Էլպիթ» ընկերութիւնը, որ ներկայացուած է որպէս վերջնական սպառող: Աղբիւրը նաեւ պարզած է, որ օդանաւը շարունակած է իր ճամբան դէպի Պաքու, Ատրպէյճան: Իսրայէլի մէջ օդանաւէն բան դուրս չէ եկած, այլ օդանաւը Իսրայէլ կանգ առած է միայն փաստաթուղթերու ճշդման համար», Չեխիոյ հեռատեսիլին ըսած է MSMի պաշտօնեան: «Օդանաւը Իսրայէլի օդակայանէն ուղիղ թռիչք կատարած է դէպի Ատրպէյճան», գրած է Slovak Spectator:
Խորհուրդ կու տայի Հայաստանի պաշտօնեաներուն՝ անմիջապէս բողոքներ ներկայացնել Չեխիոյ, Սլովաքիոյ եւ Իսրայէլի կառավարութիւններուն՝ իրենց արտահանման դրոյթները շրջանցելու, եւ ԵՄ, ԵԱՀԿ եւ ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի՝ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ առաջարկած արգելքները խախտած ըլլալնուն դէմ:
Եթէ նման բողոքներ չներկայացուին, ապա այս երեք եւ շարք մը այլ երկիրներ կը խրախուսուին՝ Ատրպէյճան առաքելու աւելի մահաբեր զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին հայ զինուորներ եւ քաղաքացիական մարդիկ սպաննելու եւ վիրաւորելու համար:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան