image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ նոր պատերազմի կը պատրաստուի. Lebanon 24

Իսրայէլ նոր պատերազմի կը պատրաստուի. Lebanon 24

Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնած է, որ Իսրայէլի եւ Ղազզայի մէջ պայքարող խմբաւորումներու միջեւ պատերազմն անխուսափելի է, հակառակ երկարատեւ զինադադար հաստատելու ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Լիպըրմանի պաշտօնական գրասենեակի տարածած տեսագրութեան մէջ վերջինս շեշտած է, թէ հարցը պատերազմ տեղի ունենալ կամ չունենալուն մէջ չէ, այլ այդ պատերազմի հաւանական ժամկէտի որոշման մէջ է:

Լիպըրմանի համոզմամբ, Ղազզայի մէջ զոհուած բոլոր պաղեստինցիները «Համաս»ի հետ առնչութիւն ունին, հակառակ անոր, որ զոհուածներու մեծ մասը ցոյցերու մասնակցած երիտասարդներ էին, ինչպէս նաեւ երկու լրագրողներ ու շտապ օգնութեան երեք աշխատակիցներ:

Լիպըրման դիտել տուած է, ու Իսրայէլ գիտակից է իր քայլերուն, եւ որպէս քաղաքականապէս հզօր անվտանգութեան համակարգ ունեցող պետութիւն, վստահօրէն կ՛առաջանայ դէպի իր առջեւ դրուած նպատակները:

Նշենք, որ վերջին շրջանին ՄԱԿ եւ Եգիպտոս ջանքեր ի գործ կը դնեն «Համաս»ի եւ Իսրայէլի միջեւ երկարաժամկէտ զինադադար հաստատելու նպատակով: