image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ իր կործանուած օդանաւի վրէժը պատերազմո՞վ պիտի լուծէ

Իսրայէլ իր կործանուած օդանաւի վրէժը պատերազմո՞վ պիտի լուծէ

Արաբ քաղաքական վերլուծաբան յօդուածագիր Ամին Քամուրիէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլի արդիական օդանաւի կործանումը Սուրիոյ ոչ այնքան զարգացած հրթիռին միջոցով ուժեղ հարուած էր Իսրայէլին, որ տեղի ունեցածին վրէժը լուծելու համար կրնայ նոր պատերազմ յայտարարել:

Յօդուածագիրին համաձայն, տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան աճը նոր կողմերով եւ խնդիրներով պայմանաւորուած է, իսկ օդանաւի կործանումէն ետք Իսրայէլի յայտարարութիւնները, թէ ինք 12 օդային գործողութիւններ իրականացուցած է, կը յուշէ, որ վերջինս տրամադրուած չէ պատերազմ յայտարարելու:

Քամուրիէի կարծիքով, իսրայէլեան օդանաւի կործանումը յստակ պատասխան էր, ուղղուած Ռուսիայէն ԱՄՆ-ին, թէ «Սուխոյ»ի կործանման դիմաց իրենք կործանեցին Իսրայէլի «F16»ը:

Յօդուածագիրը միաժամանակ պնդած է, որ տարածաշրջանին մէջ պատերազմ յայտարարելու որոշումն այս պահուն Իսրայէլով եւ ԱՄՆ-ով չի սահմանափակուիր, եւ յստակ է, թէ ներկայիս կողմերէն ոչ մէկը տրամադրուած է պատերազմ սկսիլ, մանաւանդ՝ Ռուսիա, որ տարածաշրջանին մէջ բանակցութիւններ կը վարէ:

Քամուրիէ կ'ենթադրէ, որ «F16»ի կործանման միակ հետեւանքը կրնայ ըլլալ Սուրիոյ մէջ Իրանի դերի կրճատումը: