Հալէպի հայ Աւետարանական համայնքի անդամներ նշած են Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի ծննդեան տարեդարձը: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Հալէպի հայ Աւետարանական «Բեթէլ» վարժարանի շրջափակին մէջ ի ներկայութիւն համայնքի անդամներու ու նաեւ Վերապատուելի Սէլիմեանին, որ հատած է տարեդարձի կարկանդակը:
Նման արարողութիւն մը վստահաբար աւելին է քան սովորական տօնախմբութիւն կամ ծննդեան տարեդարձի նշում, որովհետեւ համայնքի զաւականերուն եւ առհասարակ հալէպահայութեան յարգանքին ու սիրոյն արժանի դարձած պատուելին ամենաբարձր արժանիքներով օժտուած անձնաւորութիւն է:
Հալէպը հարուածող պատերազմի ամէնէն դժուարին փուլերուն Վերապատուելի Սէլիմեան մնաց պատնէշի վրայ եւ իր ունեցած բոլոր կարելիութիւնները ծառայեցուց իր հօտին ու մեծ ու փոքր ընտանիքի անդամներուն:
«Արեւելք» եւս կը միանայ կիսելով այս շէնշող առիթին ուրախութիւնը լաւագոյն մաղթանքներով արեւշատութիւն եւ երկար եւ խաղաղ ծառայութիւն կը մաղթէ հալէպահայ առաջնորդին: